Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ՄԱՍԻՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԱՐՑԱԽԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԸ ՀԱՆԳԱՆԱԿԷ 220 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ
Սան Ֆեռնանտօ հովիտի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մասիս» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, 1 Նոյեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երեկոյ մը՝ մասնակցութեամբ Գառնիկ Սարգիսեանի, նպատակ ունենալով դրամահաւաք կատարել ի նպաստ Արցախի զինուորներուն օժանդակող ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներու կողքին» արշաւին։
Շնորհիւ մասնաճիւղի անդամներու, ծնողներու, մարզիչներու եւ բարեկամներու առատ նուիրատուութիւններուն, երեկոյին ընթացքին կարելի եղաւ հանգանակել 220 հազար տոլար։