Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԸ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կոչին ընդառաջելով, միութեան 102-ամեակի տարեդարձին ամէնէն մօտիկ Կիրակին՝ 15 Նոյեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ մասնաճիւղերը հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարեցին ի յիշատակ Արցախի պատերազմին զոհուած նահատակներուն եւ յատկապէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հերոսներուն։
Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօններ տեղի ունեցան Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ական տարազաւոր սկաուտներու:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան արարողութիւնը գլխաւորեց Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկադի Տօնոյեան, պատկան մարմինի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւնը, Սկաուտ. Խորհուրդը, մասնաճիւղի խմբապետը, աստիճանաւորական եւ խմբապետական տարազաւոր կազմերը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դամբարանին մէջ թաղուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հարազատներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, ներկաները Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ տարազաւոր սկաուտներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Ազգ. գերեզմանատան մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի դամբարան, ուր Մանուկ Աբղ. Պրիխանեանի առաջնորդութեամբ ներկաները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ մոմավառութիւն: Հալէպի մասնաճիւղի շեփորախումբը նուագեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ: Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց քոյր Անի Մինասեան, Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը՝ ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը՝ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան: Աւարտին, Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ապա, Հայր Սուրբը «Պահպանիչ»ով փակեց յիշատակի հանդիպումը:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի եւ ներկայութեամբ տարազաւոր սկաուտներու, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեհանգստեան արարողութիւնը գլխաւորեց Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեան:
Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, եկեղեցիներու մուտքերուն զետեղուած էին «Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ պատրաստ է օգնութեան» նշանախօսքով Արցախի օժանդակութեան դրամահաւաքի արկղեր:
ԼԱԹԱՔԻԱ
Լաթաքիոյ մէջ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Արցախի նահատակներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին ու նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար, որմէ ետք հոգեսուրճ կազմակերպուեցաւ «Արարատ» սրահին ներս, ուր իր սրտի խօսքը արտասանեց Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը իր սրտի խօսքը փոխանցելով ցաւ յայտնեց Արցախի իրավիճակին համար, սակայն շեշտեց, որ նահատակութեամբ եւ պայքարի ոգիով պարտութիւնը պիտի վերածենք յաղթանակի:
ԳԱՄԻՇԼԻ
Նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Արցախի նահատակ հերոսներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հին ու նոր ննջեցեալներուն։ Յաջորդեց հոգեսուրճ:
ՔԵՍԱՊ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղը, իր կարգին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան արարողութեամբ մը ոգեկոչեց Արցախի նահատակներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հերոսներուն յիշատակը։ Պատարագը մատուցեց Սուրէն քհնյ. Արսլանեան։ Ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդի անդամներ եւ տարազաւոր սկաուտներ։ Պատարագէն ետք կատարուեցաւ հոգեսուրճ։
Յաւերժ փառք ու պարծանք Արցախի մեր նահատակներուն եւ բի՜ւր յարգանք անոնց վաստակին: