ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԵՂԲ. ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ

 

Կիրակի, 13 Դեկտեմբերի կէսօրին, Ֆռըն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. վերջին հրաժեշտը տուաւ միութենական 70 տարուան ծառայութեամբ այս աշխարհէն մեկնած եղբ. Պատրիկ Կիւլպէնկեանին։

Եղբօր յուղարկաւորութեան եւ թաղման ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ եղբօր երկար տարիներու գործակիցներ։

Այս առիթով վաստակաշատ եղբօր բարեմասնութիւնները ներկայացնող խօսք մը արտասանեց հոգեշնորհ Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին անունով դամբանական խօսք փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։

Տարածենք