ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻՆ

 

Ուրբաթ, 8 Յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վերջին հրաժեշտը՝ ազգային յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը, որուն աւարտին, յետ մահու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ եղբօր շնորհուեցաւ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը։

Յընթացս յուղարկաւորութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Հայրապետ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նորոգ հանգուցեալ եղբայրը պատուեց կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով։

Նշենք, որ եղբ. Գառնիկ 2012-ին արժանացած էր Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ շքանշանին, իսկ 2015-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին «Երախտագիտութեան» շքանշանին։

Տարածենք