ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ` Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅՆ

 

Բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ եւ անմահ Պատարագի, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 6 Յունուարին Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած ազգային գործիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգւոյն։

Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ էին պատկան մարմինի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ական շքանշանակիրներ եւ երէց եղբայրներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին վարչութիւնը, Սկաուտ. Խորհուրդը, մասնաճիւղին խմբապետը, աստիճանաւորական տարազաւոր կազմերը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր ու եղբայրներ:

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ եւ յիշատակի հանդիպում։

Հանդիպումին բացումը կատարելով, քոյր Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսըզեան հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Եղիա Քիլէճեանը, փոխանցելու Շրջանային Վարչութեան ցաւակցական խօսքը:

Եղբ. Քիլէճեան եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի նկարագրային օրինակելի վարքը բնութագրելով նշեց, թէ եղբ. Գառնիկը ծնունդ առնելով Հալէպի մայր գաղութէն, ազգայնաշունչ ընտանիքի մէջ հասակ առաւ եւ դարձաւ վեհանձն հայու իսկական տիպարը, որ մտահոգուեցաւ իր ազգին տագնապներով եւ ուրախացաւ անոր ձեռքբերած նուաճումներով:

«Իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններով եւ մասնաճիւղերով: Լայնասրտութեամբ լսեց անոնց մտահոգութիւնները եւ իր կարելին ի գործ դրաւ հաւասարակշռուած եւ շինիչ լուծումներ գտնելու համար»:

Եղբ. Քիլէճեան եղբօր Սուրիա կատարած այցելութիւններուն անդրադառնալով ըսաւ. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանը քանիցս վայելած է եղբ. Գառնիկին ներկայութիւնը Սուրիոյ զանազան մասնաճիւղերէն ներս եւ օգտուած է եղբօր փորձառութենէն եւ շահեկան ցուցմունքներէն»:

Խօսքին աւարտին, եղբայրը Շրջանային Վարչութեան ցաւակցութիւնները յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, աշխարհասփիւռ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ հանգուցեալին ընտանիքին:

Այնուհետեւ ներկաները ունկնդրեցին 2019-ին, Միութեան Պատգամաւորական վերջին ժողովի փակման հանդիսութեան, եղբ. Գառնիկին արտասանած սրտի խօսքը:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, նշելով, թէ «Ո՞վ չէր ճանչնար եղբայր Գառնիկը, 58-ամեայ, բայց միշտ առոյգ ու կայտառ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը, որուն կեանքը ամբողջական նուիրաբերում մը եղաւ հայ մարմնակրթութեան, հայ երիտասարդութեան, հայութեան, Հայաստանին, Արցախին եւ իր պաշտած կազմակերպութեան։

«Սկզբունքային, անշահախնդիր ու առաքինի՛ մարդ՝ իր վարք ու բարքով։

«Հայ՝ բառին վաւերական առումով։

«Հ.Մ.Ը.Մ.ական տիպար՝ իր հարազատ կերպարով։ Բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք։

«Միութենական կեանքի մա՛րդ էր ան, ողնածուծով Հ.Մ.Ը.Մ.ական։

«Տեղ մը դժուարութի՞ւն կար, տագնա՞պ գոյութիւն ունէր, եղբայր Գառնիկ հոն էր եւ շրջահայեաց մօտեցումով հարցերը բարւոք կերպով լուծելու շնորհքը ունէր։

«Ժողովներու մէջ տեսակէտերու բախում եւ երկուութիւն կա՞ր, լուծումը եղբայր Գառնիկին մօտն էր, ոսկէ միջինը գտնելու բացառիկ կարողութեամբ։

«Կանոնագրային-կազմակերպչական հարցերու շուրջ շփո՞թ կար, դարձեալ եղբայր Գառնիկն էր, որ իւրաքանչիւր հարցի համոզիչ լուսաբանութիւնն ու բացատրութիւնը ունէր։

«Մեծ էր ան իր համեստութեամբ եւ խոնարհ՝ իր պարկեշտութեամբ, ընկերասիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ։

«Ան կը պատկանէր մեծերու սերունդին։

«Մեծ էր սրտով, հոգիով եւ բոլորը ընդունելու իր լայնամտութեամբ։ Գործի եւ միայն գործի նուիրեալն էր ան, որ ո՛չ շահ, եւ ոչ ալ փառք կը փնտռէր։ Գործն էր, որ զինք կը պահէր նուիրաբերումի պատուանդանին վրայ: Հաւատարիմ բարեկամ էր եւ հաւատարմութիւնը իր կեանքի գլխաւոր սկզբունքներէն մէկն էր»։

Եղբ. Մանուկ յայտնեց, թէ յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքի 111 մասնաճիւղներուն եւ 26 հազար հաշուող անդամներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խորապէս կը սգայ իր անդամին, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանին կորուստը եւ կը խոնարհի անոր վաստակին առջեւ։

Աւարտին, Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, յայտնելով, որ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան հետեւելով Քրիստոսի լուծը քաղցրութեամբ շալկելու կոչին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, լաւատեսութեամբ եւ համբերութեամբ կրեց ազգային հարցերը, լսեց բոլորին, ամոքեց եւ թեթեւցուց անոնց ցաւերը եւ առաջարկեց շինիչ լուծումներ:

Սրբազան Հայրը Լիբանանի, Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ մօտէն ճանչնալով հանգուցեալը, մատնանշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, Հայ Դատին եւ ազգային կեանքին անոր ծառայութիւնները, յատկապէս անոր աշխատանքային կազմակերպուած վարքագիծը եւ մաղթեց, որ իրմէ օրինակ առնելով նոր սերունդի Հ.Մ.Ը.Մ.ականները պատրաստուին դառնալու ապագայի մեր ղեկավարները:

Խօսքին աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին եւ հանգուցեալին ընտանիքին, աղօթելով, որ Ամենակալը երկինքի լուսաւոր երկնակամարին մէջ հանգչեցնէ իր հոգին։ Ապա, ան «Պահպանիչ»ով փակեց օրուան հանդիպումը:

 

Տարածենք