Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ

 

Սգակիր բարեկամներ,

Հ․Մ․Ը․Մ․ական քոյրեր եւ եղբայրներ,

Բոլորս ալ վարժուած էինք եղբ. Գառնիկին ճամբորդութիւններուն։ Գիտէինք, թէ ան յաճախ կը բացակայի քանի մը օրով, բայց ո՛ւր որ է անպայման կը վերադառնայ՝ միութենական յաջողութիւններու նոր լուրերով։

Այս մէկը սակայն ոչ ոքի մտքէն կ’անցնէր։ Այս անգամուան ճամբորդութիւնը երկար եւ անվերադարձ է, որովհետեւ յաւերժական եւ յաւիտենական է։ Այս անգամ ան գացած է միանալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի անմահներու փաղանգին, զինք նախորդող սերունդին, սերունդներո՛ւն՝ Լուտեր Մասպանաճեանին եւ Վարդգէս Տէր Կարապետեանին, Բիւզանդ Թորիկեանին եւ Միհրան Շիմշիրեանին։ 

Անանկնկալ ու անժամանակ բաժանումի այս պահուն դժուար է ընդունիլ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. այլեւս պիտի զրկուի եղբայր Գառնիկին ոգեշնչող խօսքէն ու գործէն։

Անգնահատելի է աւանդը եւ ժառանգութիւնը մեր երէց եղբօր, որ այսօր յաւէտ կը բաժնուի բոլորէս՝ մեզի կտակելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեանքին իր բերած ներդրումը, վաստակը եւ միութենական ոգիով դաստիարակուած սերունդները, որոնք պիտի շարունակեն իր նուիրական երթը:

Աւելի քան քառասուն տարիներու վրայ կ’երկարի եղբայր Գառնիկին Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքը, ազգային-հասարակական կեանքի իր այլազան ծառայութիւններուն կողքին։

Եղբ․ Գառնիկին մուտքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիք կը կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին անդամակցութեամբ։ Ան կը գործէ մասնաճիւղին եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին մէջ եւ 1999-ին, միութեան եօթներորդ Պատգամաւորական Ժողովին կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Չորս տարի ետք ան կը վերընտրուի եւ կը ստանձնէ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Ապա, քառամեակի մը ընդմիջումէ ետք, ան կը վերընտրուի երկու շրջան եւս՝ 2011-2019, միշտ վարելով ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը եւ ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան մնալով աշխոյժ ու կորովի ղեկավար։ Արդարեւ, եղբ. Գառնիկ իր կեցուածքներով քաջարի պաշտպանը եղաւ իր սիրած միութեան սկզբունքներուն, զանոնք փոխանցեց յաջորդական սերունդներու՝ միշտ հաւատալով, որ միութեան կազմակերպական յարկին տակ է, որ պիտի կազմաւորուին ազգին եւ հայրենիքին համար անսակարկ նուիրուելու պատրաստ հայորդիներ։  

Իբրեւ միութենական, եղբ․ Գառնիկ ունէր իր առանձնայատուկ հմայքը։ Զինք ճանչցողները կը սիրէին եւ կը յարգէին զինք, նոյնիսկ եթէ կարգ մը նիւթերու շուրջ տարակարծիք ըլլային հետը։

Ի ծնէ միութենական կազմակերպական աշխատանքի մարդ էր ան։ Էութեամբ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ական։ Այս պատճառով իրեն կը վստահուէին կազմակերպական ամէնէն բարդ հարցերու տնօրինումները, որոնք ընդհանրապէս բարւօք լուծումներ կը գտնէին հակասութիւնները մեղմացնելու եւ միշտ միջին եզրեր գտնելու իր բացառիկ կարողութեան շնորհիւ։

Իբրեւ ժողովական, եղբ. Գառնիկ յատկութիւնը ունէր նիւթերը նախապէս լաւ ձեւով համադրելու եւ կանխելու որեւէ հարց, որ կրնար ծագիլ ժողովներու ընթացքին, տեսակէտներու բախումի կամ երկուութեան ստեղծման պատճառով։ Վարպետ ժողովականի իր այս մօտեցումը միշտ իր դրական արդիւնքը կ’ունենար աշխատանքներու ընթացքին վրայ։

Իբրեւ ժողովական, հաճելի էր հարցերու քննարկումի ժամանակ լսել իր ազգային եւ միութենական կեանքի ապրած փորձառութիւնները, որոնք տուեալ հարցին հետ սերտօրէն կապ կ՚ունենային։ Յիշողութիւններու իր շտեմարանը հարուստ էր եւ դաստիարակիչ։

Հ․Մ․Ը․Մ․ի համահայկական կառոյցին մէջ իւրայատուկ երեւոյթ էր եղբ․ Գառնիկ։ Չկար մէկը, որ իրեն չափ ծանօթութիւն ունենար եւ յարաբերութիւններ մշակէր Հ․Մ․Ը․Մ․ի մեծ ընտանիքի զանազան շրջաններու միութենականներուն, նախկին կամ ներկայ վարչականներուն եւ անոնց անմիջական շրջանակին հետ։

Իր այս կապերուն եւ յարաբերութիւններուն շնորհիւ է, որ կարելի եղաւ փառաւոր ձեւով կազմակերպել Հ․Մ․Ը․Մ․ի 100-ամեակը։ Ճիշդ է, որ Հ․Մ․Ը․Մ․ի մէջ որեւէ աշխատանքի յաջողութիւն հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է, Հ․Մ․Ը․Մ․ի կազմակերպական մեքենային նոյնանպատակ պատրաստութեան հետեւանք է, բայց եղբ․ Գառնիկին յարաբերական եւ կազմակերպական բացառիկ ճիգով կարելի եղան իրականացնել միութեան 100-ամեակի փառաւոր ձեռնարկները, միութեան ապահովելով 700.000 ամ․ տոլարի նուիրատուութիւն, նաեւ յաջորդաբար երկու տարի 1200 Հ․Մ․Ը․Մ․ականներով համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական ձեռնարկներ իրականացնելով Հայաստանի մէջ (Մարզախաղեր, բանակում եւ 100-ամեակ)։

Սիրելի՛ եղբ․ Գառնիկ,

Դժուար ու ծանր պարտականութիւն է յարգանքի եւ հրաժեշտի խօսք արտասանել՝ ներկայացնելով տարիներու ծառայութիւնդ եւ միութենական ժառանգդ, այս առիթով յիշելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ծառայած այն բոլոր հանգրուանները, որոնք հետք ու դրոշմ ձգեցին միութեան վրայ, դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուին միութենական մեր քոյր-եղբայրներուն։

Դժուար պիտի ըլլայ մխիթարել հարազատներդ, ընկերներդ, եղբայրներդ եւ քոյրերդ, երբ ոեւէ մէկը հաշտուած չէ տակաւին կամ չի հաւատար կորուստիդ գաղափարին։ Պիտի սպասենք ժողովներուն յատուկ շուքով քու մուտքդ։ Պիտի կարօտնանք շաբաթական մեր հանդիպումները, ուր կը քննարկէիր տեղական թէ համասփիւռքեան իրադարձութիւններ՝ քեզի յատուկ ժպիտով եւ ազնիւ հիւմըրով, միշտ փորձելով բացատրել եւ վերլուծել մեր հաւաքականութեան վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը։

Տխուր ենք, որ մեզմէ անակնկալ կը բաժնուիս, առանց լուր տալու, առանց մեզի առիթը տալու քեզմէ հրաժեշտ առնելու, բայց շատ լաւ գիտենք, որ դուն ապրեցար Հ․Մ․Ը․Մ․ական հարուստ կեանք մը՝ հաւատարիմ մնալով միութեան նշանաբանին՝ «Բարձրացիր-բարձրացուր»ին եւ քու տիպարովդ օրինակ դարձար մեզի եւ քեզի ճանչող բոլոր միութենականներուն։

Սիրելի՛ սգակիրներ,

Ճիշդ է, որ եղբ․ Գառնիկին բացակայութիւնը ծանր կը կշռէ, բայց մեր սփոփանքը այն է, որ հակառակ իր ֆիզիքական բացակայութեան, ան պիտի մնայ իւրաքանչիւր Հ․Մ․Ը․Մ․ականի մտքին ու սրտին մէջ, իբրեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ական տիպար եւ անզուգական ղեկավար, որ պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնած տարիներու ընթացքին անասակարկ կերպով ծառայեց իր ազգին եւ միութեան։

Մեր իրականութեան մէջ անկրկնելի անձնաւորութիւն մը եւ եզակի երեւոյթ մըն էր եղբ. Գառնիկ, որուն աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ այսօր Հ․Մ․Ը․Մ․ի համահայակական կառոյցին մէջ կը գործեն գաղափարական հաւատքով թրծուած միութենականներ, օրինակ ունենալով ի՛ր տիպարը, որ այսուհետեւ իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ յաջորդող սերունդներուն։

Յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքի 111 մասնաճիւղերուն եւ 28 հազար հաշուող անդամներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խորապէս կը սգայ բազմավաստակ իր նախկին ատենապետին կորուստը եւ կը խոնարհի անոր յիշատակին առջեւ։

Երթդ բարի՛, սիրելի եղբ․ Գառնիկ: 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը երբեք պիտի չմոռնայ քեզ ու քու աւանդդ եւ առ ի երախտագիտութիւն վաստակիդ ու նուիրումիդ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յետ մահու քեզի կը շնորհէ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը, որմով շատ պիտի փափաքէինք կուրծքդ զարդարել ողջութեանդ։

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Տարածենք