ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ կատարուած տեսակցութենէն օր մը առաջ, 20 Ապրիլ 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ եղբայրներ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Բագրատ Եսայեանէ, Օշին Փիրումեանէ, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, նոյն նպատակով այցելեց Էջմիածին եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամ եղբայրներ Դաւիթ Յակոբեանի եւ Մհեր Պոյաճեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին հետ՝ միութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն շուրջ խորհրդակցելու համար։