ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի հրատարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, «Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան» «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան վերջին պատերազմին նուիրուած սկաուտական զարգացման մրցում։
Մրցումին մասնակցեցան արի-արենոյշներ եւ երէց-պարմանուհիներ։
Այս առիթով բացման խօսք արտասանեց հրատարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ քոյր Լուսին Ապաճեան։ Ան շեշտեց հայ ժողովուրդի պայքարին կարեւոր յենակէտերը՝ գիտելիքը, կամքն ու միասնականութիւնը։
Ապա, մրցաշարքը ընթացաւ չորս մասով։ Հինգ խումբերու մասնակիցներու կողքին, իւրաքանչիւր սեղանի ետեւի նստողները ներկայացան իբրեւ օժանդակ խումբեր։
Հաճելի եւ բարձր տրամադրութեամբ ընթացող մրցումի աւարտին, յաղթական խումբը ստացաւ խորհրդանշական նուէր։
Հինգ խումբերու անդամները ստացան Արցախի ճանաչումը խորհրդանշող նարօտներ, իսկ բոլոր ներկաները՝ էջադիրներ։
Աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց բոլորին մասնակցութիւնը եւ կարեւոր նկատեց հայուն դիմագիծը եւ նախնիներէն մեզի վստահուած աւանդը վառ պահելը՝ հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան խոր իմացութեամբ, դառնալու համար արժանավայել հայեր։