ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

 

Հայկական բանակի տօնին առիթով, 28 Յունուարին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կիւմրիի «Վահան Չերազ» մասնաճիւղը «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը՝ Արցախեան պատերազմի մասնակից սկաուտներու հետ, որոնք ներկայացուցին պատերազմի ժամանակ իրենց ապրած զգացումները, դէպքերն ու դրուագները։

Հանդիպումը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, որովհետեւ ներկաները անդրադարձան, որ հայ զինուորին օրինակով սերունդները պէտք է հասկնան անանձնական նուիրումի արժէքը եւ սեփական կեանքը հայրենիքին զոհաբերելու իմաստը։

Տարածենք