ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ
Կիրակի, 24 Յունուարին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Գրիգոր Յակոբեան» եւ «Յովհաննէս Հինդլեան» մասնաճիւղերը վերսկսան սկաուտական իրենց բնականոն աշխատանքներուն։
Սկաուտներ կատարեցին խմբային բազմաթիւ աշխատանքներ եւ ձեռք բերին զանազան հմտութիւններ՝ իրենց օրը դարձնելով աւելի ուրախ եւ հետաքրքրական։