Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ Կ’ԸՆԹԱՆԱՆ ՄԵԾ ԹԱՓՈՎ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի (Նետըրլէնտներու՝ Հոլանտայի) մասնաճիւղը շուտով կ’օժտուի արդիական նոր կեդրոնով մը, որ միութենական եւ ժողովական բոլոր յարմարութիւններով օժտուած տուն մը պիտի ըլլայ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։

Կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն հիմնարկէքը կատարուեցաւ 11 Յուլիս 2020-ին, հրապարակային հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքի հոգեւոր հովիւ՝ Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Դաւիթ Միրզախանեան, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Նուպար Վարդանեան, ՀՕՄ-ի, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի եւ Պատանեկանի անդամներ, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալքմարի եւ Առնհեմի վարչականներ, սկաուտներ եւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։

Յուլիսէն ասդին, հակառակ քորոնայի համաճարակին պարտադրած կաշկանդումներուն, ընձեռուած պայմաններու մէջ, կեդրոնին շինարարական աշխատանքները կ’ընթանան բաւական արագ։

Կ’ակնկալուի, որ աշխատանքի այս թափով շինարարութիւնը իր աւարտին հասնի Մայիս 2021-ին եւ կեդրոնը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու դիմաց իր դռները բանայ ամառնամուտին։

Յայտնենք, որ կեդրոնին աշխատանքները յառաջ կը տարուին ժողովրդային հանգանակութեամբ։ Հետեւաբար, նուիրատուութիւններու ցանկը բաց կը մնայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին իրենց լուման բերել հայապահպանման այս նոր տան կառուցման։

Տարածենք