ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 21 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Երուսաղէմի Հայ Կաթողիկէ Ցաւագին Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ, յետ Սուրբ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքին առիթով: Պատարագը մատուցեց Ռափայէլ Քհնյ. Շէֆիքեան եւ իր քարոզին մէջ նշեց եղբայր Գառնիկին հետ իր ունեցած երկար տարիներու գործունէութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս, Լիբանան։

Այս առիթով խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Յարութ Պաղամեան եւ անդրադարձաւ եղբայր Գառնիկի Հ.Մ.Ը.Մ.ին մէջ ունեցած մեծ վաստակին եւ սերունդներուն փոխանցած աւանդին։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հիւրասիրութիւն:

Տարածենք