ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀԱԼԷՊԻ, ԼԱԹԱՔԻՈՅ ԵՒ ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 14 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքին առիթով, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամներու, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, շքանշանակիր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերու եւ տարազաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր մատուցուեցաւ հոգեսուրճ։
Այս առիթով, Շրջանային Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց գրական յանձնախումբի անդամ եղբ. Վիգէն Չաղլասեան։ Եղբայրը լուսարձակի տակ առաւ բոլորին սիրելի, հոգեհարազատ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի նկարագրային գիծերը, ապա աւելցնելով ըսաւ. «Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, անսակարկ զոհողութեան օրինակ հանդիսացաւ: Ան հասաւ միութեան բոլոր շրջաններուն, լսեց անոնց դժուարութիւնները եւ պատշաճ լուծումներ որդեգրելով նեցուկ կանգնեցաւ բոլորին»:
Եղբայր Չաղլասեան նկատել տուաւ, որ եղբայր Գառնիկին նպատակը միութեան բարձրագոյն շքանշաններուն արժանանալ չէր, որովհետեւ ան ունէր այն համոզումը, թէ իբրեւ գործօն Հ.Մ.Ը.Մ.ական տակաւին շատ աշխատանք ունէր կատարելիք միութեան շարքերէն ներս, իսկ շքանշանը հասանելի կը դառնար գործի աւարտին: Հետեւաբար, եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը գործի մարդ էր եւ ո՛չ խօսքի», շեշտեց ան։
Այնուհետեւ, ներկաները վերյիշեցին եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի Սուրիոյ շրջան կատարած այցելութիւնները եւ մասնակցութիւնները Սուրիոյ շրջանի ներկայացուցչական ժողովներուն եւ նախաձեռնութիւններուն՝ «Եղբայր Գառնիկը Սուրիոյ մէջ» խորագիրը կրող տեսերիզի ցուցադրութեամբ։
Աւարտին, ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան։ Ան ողջունեց միութեան դրօշակի փոխանցման արարողութեան երեւոյթը, որ սովորական փոխանցում մը չէ, այլ՝ միութեան նախնիներուն ժառանգած աւանդն է, որ կը փոխանցուի նոր սերունդներուն, եւ այդ հայապահպանութեան աւանդին փոխանցման պայծառ օրինակը հանդիսացաւ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը, նշեց ան։
Քահանայ հայրը յայտնեց, որ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան աշխատասէր, համեստ, ժպտադէմ, դրական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները քաջալերող անձնաւորութիւն էր։ Հետեւաբար, ան հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի իրենք եւս եղբ. Գառնիկի նման քաջալեր հանդիսանան միութեան շարքերուն մէջ հասակ առնող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն։
Այնուհետեւ, քահանայ հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հանգուցեալ եղբօր հոգիին խաղաղութեան համար։
Հոգեսուրճը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։
ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԷՋ
Նոյն օրը, եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի մահուան քառասունքին յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին վարչութեան կազմակերպութեամբ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան մասնաճիւղին վարչութիւնը եւ սկաուտ քոյրեր ու եղբայրներ։
ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղին վարչութիւնը, իր կարգին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կազմակերպեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Զաւէն Գասպարեանի, մասնաճիւղի վարչութեան անդամներու, աստիճանաւորական կազմերու եւ տարազաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Գամիշլիի Ազգային Առաջնորդարանին դահլիճը, ուր վարչութիւնը ընդունեց ցաւակցութիւններ: Վարչութեան ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան այս առիթով խօսք առնելով ներկայացուց եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի ազգասէր ու հայանուէր գործունէութեան երկար տարիներու ծառայութիւնները: Ապա, Լեւոն Վարդապետ փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ հոգեսուրճը աւարտին հասաւ «Ով հայ արի» սկաուտական քայլերգով: