ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԱԿՈՒՂ ԹԱԹԻԿ, ՆՈՐԱԳԻՐ ԵՒ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒԱԾ, ՆՈՐ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ՝ ՊԱՏՐԱՍՏ

 

Ուրախութեամբ պէտք է տեղեկացնել, որ արդէն իսկ պատրաստ են սկաուտական Կակուղ թաթիկ, Նորագիր եւ Նորընծայ գիրքերու վերամշակուած, նոր օրինակները, որոնք PDF օրինակով տեղ գտած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջի հրատարակութիւններու բաժինին մէջ։


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ եղբ. Կարպիս Գապասագալեանի խմբագրութեամբ, սկաուտական այս գիրքերը առաջին անգամ հրատարակուած են 1999-ին։ Այնուհետեւ, քանի մը տարուան փորձարկումէ ետք, անոնք քննարկման եւ բարեփոխման ենթարկուած են համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական յաջորդական համագումարներու ընթացքին եւ վերամշակման ենթարկուելով՝ արժանացած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հաստատման եւ վաւերացման։


Սկաուտական եօթը գիրքերու երկրորդ հրատարակութիւնները լոյս պիտի տեսնեն «Եղբ. Միհրան Շիմշիրեան սկաուտական ֆոնտ»ի նախաձեռնութեամբ։ Մինչեւ հրատարակութիւնը, սակայն, գիրքերը կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել ելեկտրոնային ձեւով, նոր ձեւաւորումով (էջադրող-ձեւաւորող՝ եղբ. Յովիկ Փամփալեան) եւ արդիական շունչով։


Հետագային, Կակուղ թաթիկ, Նորագիր եւ Նորընծայ գիրքերուն պիտի յաջորդեն Միաստղի, Երկաստղի, Բ. Կարգի եւ Ա. Կարգի գիրքերը։


Յայտնենք, որ «Եղբ. Միհրան Շիմշիրեան սկաուտական ֆոնտ»ը ստեղծուած է 2014-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ սկաուտական աշխատանքներու մեծ երախտաւոր եղբ. Միհրան Շիմշիրեանի մահուան առիթով կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ։

Տարածենք