Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՏՈՂԱՆՑՔԸ

 

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, մասնակցութեամբ Հալէպի մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ շեփորախումբին, Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ սկաուտական հանդիսաւոր տողանցք:

Տողանցքը ընթացք առաւ կէսօրուան ժամը 12-ին։ Սկաուտները Վիլլաներու պողոտայէն ուղղուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ապա՝ «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տուն, ուր հայութիւնը ծափողջոյններով դիմաւորեց տողանցող սկաուտները։

Տողանցքի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը հնչեցուց «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։

 

 

Տարածենք