Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ 20 ՅՈՒԼԻՍԷՆ 29 ՅՈՒԼԻՍ 2017, ԵՐԵՒԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը սպասուած եւ միշտ յաջողութեամբ պսակուած աւանդութիւն մըն են միութեան պատմութեան մէջ, ուր հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, աշխարհի չորս ծագերէն, կը մէկտեղուին մրցելու, բարեկամանալու եւ իրենց հայկականութիւնը զօրացնելու համար։ Մարզախաղերը տեղի կ՚ունենան չորս տարին անգամ մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ ունեցող երկիրի մը մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 99-ամեայ պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւան, Հայաստան, 20-29 Յուլիս 2017-ին եւ պիտի նուիրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին։

Մարզախաղերուն պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 900 մարզիկներ, որոնք Երեւանի մէջ պիտի համախմբուին՝ ժամանելով աշխարհի զանազան երկիրներէ, իրենց հայրենի հողին վրայ մրցելու եւ անոր հանդէպ իրենց ունեցած սէրն ու կարօտը յագեցնելու համար։

Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն հետեւեալ մարզաձեւերը.-
- Տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ։
- Կրտսեր տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ։
- Տղոց եւ աղջկանց անհատական ճատրակ։
- Տղոց ֆութպոլ։
- Աղջկանց վոլիպոլ։
- Տղոց եւ աղջկանց ֆութսալ։
- Տղոց եւ աղջկանց աթլէթ։
- Տղոց եւ աղջկանց թենիս։
- Տղոց եւ աղջկանց փինկ-փոնկ։
- Տղոց եւ աղջկանց լող։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը լաւագոյն ձեւով իրագործելու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին հայրենի ժողովուրդին լայն ծանօթութիւն տալու համար, նկատի առնուած է բացման հանդիսութիւն մը՝ «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ։ Հանդիսութեան պիտի հրաւիրուին պետական ու միութենական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ հանրութիւնը։ Տեղի պիտի ունենայ տողանցք՝ մարզիկներու մասնակցութեամբ եւ, աւարտին, երգահանդէս-փառատօն մը Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հրաւիրուած երգիչներու մասնակցութեամբ։

Մարզախաղերու մասնակից մարզիկներն ու յանձնախումբերու անդամները Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ յարգանքի իրենց տուրքը պիտի մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Մասնակիցներուն համար նկատի առնուած են նաեւ դաստիարակչական յատուկ ծրագիրներ եւ հանրային ծառայութեան աշխատանքներ։

Հայրենի հողին վրայ տեղի ունեցող Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին պիտի հասնին Յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով, պաշտօնական անձնաւորութիւններու, հիւրերու եւ մարզիկներու ներկայութեամբ։ Մարզիկներ, մարզիչներ, պատասխանատուներ պիտի վերադառնան իրենց երկիրները, իննօրեայ անմոռանալի պահերէ ետք, Հայաստանի հանդէպ իրենց յանձնառութիւնը վերանորոգած եւ կրկին ու կրկին հայրենի հողին վերադառնալու կարօտով լեցուն։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու կապուած տեղեկութիւններու համար կրնաք կապուիլ office@homenetmen.org ե-նամակի հասցէին։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք