ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ 50 ՀԱԶԱՐ ԾԱՌ ՏՆԿԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ

 

Մոնթրէալի Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք» մասնաճիւղը, բնապահպանութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին հետ գործակցաբար, ձեռնարկած է Արցախի մէջ ծառ տնկելու արշաւի մը, որ կը նպատակադրէ 50 հազար ծառ տնկել Արցախի մէջ։

Բնապահպանութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC) այս իմաստով օգտակար աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Այս նախաձեռնութիւնը կը կրէ «Մենք ենք մեր անտառները» անունը եւ նպատակ ունի 2021 տարուան ընթացքին հաւաքել 50 հազար տոլար՝ Արցախի մէջ 50 հազար ծառ տնկելու համար: Իւրաքանչիւր մէկ տոլարի դիմաց մէկ ծառ։

Ծանօթ է, որ Արցախեան վերջին պատերազմին, միջազգայնօրէն անընդունելի սպիտակ ֆոսֆոր զինամթերքի օգտագործման պատճառով, այրեցան հարիւրաւոր հեքթարներով անտառներ, ինչ որ աղէտալի հետեւանքներ ունեցան հողային այդ տարածքներուն, նաեւ՝ մարդկութեան եւ կենդանական աշխարհին համար։

Այժմ, յստակ է, որ կաթնասուններու եւ թռչուններու բազմաթիւ տեսակներ անհետացման վտանգի ենթակայ են:

Հրկիզուած անտառները կարեւոր են Արցախի բնակչութեան համար, որովհետեւ այդ անտառները ջրային համակարգը դասաւորելու կարեւոր դերը կը խաղան շրջանի բնակիչներուն համար (բնակիչներուն շինած ջրամատակարարման համակարգերը այժմ կը գտնուին Ազրպէյճանի մէջ, ուստի անտառները առաւել եւս կարեւոր են ջուրը զտելու եւ պահելու համար):

 

Տարածենք