ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Ուրբաթ, 26 Մարտ 2021-ին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին:

Երկրի տնտեսական եւ առողջապահական տիրող պայմաններուն բերումով այս ախոյեանութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ որոշուած է մրցումները կատարել առանց համակիրներու։ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով ախոյեանութեան աւարտին որեւէ խումբ պիտի չփոխանցուի Բ. դասակարգ, պայմանով որ ան իր մասնակցութիւնը բերէ ախոյեանութեան բոլոր խաղերուն:

Նկատի ունենալով ախոյեանութեան այս պայմանները, նիւթական ծանր բեռը, Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական վիճակը եւ քորոնա ժահրին պատճառած դժուարութիւնները, օտարահպատակ մարզիկներ ունենալու անկարելիութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը որոշեց եւ յառաջացուց երիտասարդներէ կազմուած տղոց Ա. դասակարգի խումբ մը, մարզիչ նշանակելով Ռըզքալլահ Զալումը։ Երիտասարդներ պիտի մասնակցին մրցաշարքին, որպէսզի առիթը ունենան փորձառութիւն ձեռք ձգելու եւ յառաջիկայ տարեշրջանին լաւապէս պատրաստուելու:

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Տարածենք