«ԱՐՏԱԿԱՐԳ» ՊԱՏՈՒԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԶԱՒԷՆ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆԻՆ

 

ՄԱՐԶԻԿ (Հալէպ)- 22 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին ընկերակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Զաւէն Տէրվիշեանի բնակարանը եւ զայն պարգեւատրեց միութեան «Արտակարգ» շքանշանով։

Հանդիպումին բացումը կատարուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը գեղեցիկ մտայղացումը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 98-ամեակին եւ «Ծառայութեան տարուան» զոյգ առիթներով պարգեւատրել եւ գնահատել եղբ. Զաւէն Տէրվիշեանը, նկատի ունենալով եղբօր միութենական 60 տարիներու ծառայութիւնը, իբրեւ խմբապետ, Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ, մարզանքի ուսուցիչ եւ վարչական:

Եղբ. Քէօշկէրեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եղբ. Տէրվիշեանի՝ անոր ցանկալով քաջառողջութիւն եւ արեւշատ օրեր: Ապա, ան փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ եղբօր շնորհուած «Արտակարգ» պատուանշանը՝ առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք եղբօր վաստակին։ Այնուհետեւ, կատարուեցաւ կարկանդակի հատում:

Եղբ. Զաւէն մեծապէս զգացուած՝ շնորհակալական խօսքերով իր մեծ սէրն ու յարգանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին:

Հանդիպումը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Տարածենք