Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՄԻՇԼԻԻ, ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

 

ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, լիազօր ներկայացուցիչ եղբայր Զաւէն Գասպարեանի, մասնաճիւղի վարչութեան անդամներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:

Ժողովը մասնաճիւղին նոր վարչութիւնը ընտրեց հետեւեալ կազմով.- եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան, քոյր Սօսէ Խաչատուրեան, եղբ. Արամ Աւետիսեան, քոյր Անի Սարգիսեան, եղբ. Շիրազ Կրպոյեան, եղբ. Ատուր Ադամեան եւ եղբ. Սերոբ Վալոյեան

Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն ներկայութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղը տարեկան անդամական իր ժողովը գումարեց 23 Մարտ, 2021-ի երեկոեյան ժամը 7.30-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ։

Ժողոգվը սկսաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, ապա ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյր-եղբայրներուն ներկայութիւնը ստուգելէ ետք, ընթերցուեցաւ վարչութեան միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, կատարուեցան լուսաբանութիւններ, քննարկումներ եւ արծարծուեցան միութենական մտահոգութիւններ։

Այնուհետեւ, ժողովը Հալէպի մասնաճիւղի նոր վարչութիւնը ընտրեց հետեւեալ կազմով.- եղբայրներ Արամ Աւետիսեան, Սերժ Պալապանեան, Յարութ Խաչատուրեան, Ալեքսան Պալեան, Կարօ Ապաճեան, Տիգրան Պալապանեան, Մայք Հալլաճեան, քոյրեր Նորա Գրաճեան եւ Անի Մինասեան։

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Փետրուար 2021-ին, Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ եղբայր Գէորգ Գալէմքերեանի, մասնաճիւղի Վարչութեան անդամներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: Ժողովին ընթացքին եղբայր Գէորգ շնորհաւորեց Դամասկոսի մասնաճիւղին 95-ամեակը եւ գնահատեց համաճարակի օրերուն ընթացաւարտ վարչութեան կատարած աշխատանքը։

Աւարտին, եղբ. Գալէմքերեան շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան:

Այնուհետեւ ժողովը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան նոր կազմը ընտրեց հետեւեալ պատկերով.- եղբ. Միհրան Ղազարեան (ատենապետ), քոյր Գարուն Մուրատեան (ատենադպրուհի), եղբայրներ Վահան Գոզանեան (գանձապահ), Արա Խաճարեան (հաշուապահ), Հրայր Գարակէօզեան, Անդրանիկ Խաճարեան եւ Արամ Աճէմեան (խորհրդականներ)։

Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

 

Տարածենք