«ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

 

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին սկաուտները պատշաճ կերպով նշեցին «Հայ սկաուտի օրը»։ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած, անոնք կատարեցին միօրեայ գործունէութիւն եւ տողանցք։

Օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ, ապա յաջորդաբար տեղի ունեցան խմբակային աշխատանք, մարզանք, նախաճաշ եւ ձեռային աշխատանք։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ բոլոր գայլիկներն ու սկաուտները հաստատ քայլերով տողանցեցին շրջափակին մէջ, ուր ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Սկաուտ. Խորհուրդը։ Տողանցքի աւարտին տեղի ունեցաւ Ա. կարգի տուչութիւն՝ մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեանի ձեռամբ։ 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին խօսքը փոխանցեց խորհուրդի ատենապետ եղբ. Աբիկ Խաչոյեան։ Ան շնորհաւորեց Ա. կարգ ստացող քոյրերն ու եղբայրները, ապա խօսքը ուղղեց սկաուտներուն եւ թելադրեց անոնց, որ հպարտ եւ խրոխտ քայլերով շարունակեն իրենց երթը։

Այնուհետեւ, սկաուտները շարունակեցին իրենց յայտագիրը. տեղի ունեցաւ երգի ուսուցում, զարգացման մրցում, ճաշ, ռալի եւ մտերմիկ խրախճանք։

 

ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր կարգին, Սկաուտ. Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, նշեց «Հայ սկաուտի օր»ը։ Այս առիթով տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ 28 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ։ Տօնակատարութիւնը հովանաւորեց Քեսապի նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան։ Ներկայ գտնուեցան միութիւններու ներկայացուցիչներ, սկաուտներու ծնողներ եւ մասնաճիւղի նախկին խմբապետներ։

Տօնակատարութեան բացումը կատարեցուեցաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով։

Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի միաւորի պատասխանատու խմբապետ քոյր Մարի Շէխուկեան-Լընդեան։ Ան ներկայացուց հայ սկաուտին եւ հայ զինուորին դերը՝ ազգին ծառայութեան եւ պաշտպանութեան գործին մէջ։

Տօնակատարութիւնը ընդգրկեց խմբային արտասանութիւն, հայկական պար, չափական մարզանք, բուրգ եւ թմպլիկ։

Ապա տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն եւ վկայականաց բաշխում։ Այս առիթով վարչութիւնը պարգեւատրեց շեփորախումբի պատասխանատուներ քոյր Դալար Լընդեանը եւ եղբ. Անդրանիկ Հանէսքէհեանը, որոնք իրենց անձնական ուժերով շեփորախումբին նոր եղանակներ սորվեցնելու աշխատանք տարած են։ Աւարտին, Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, մասնաճիւղին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Ապա, «Պահպանիչ»ով ան փակեց օրուան յայտագիրը։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

 

Տարածենք