ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ 22 ՅՈՒԼԻՍԸ ՀՌՉԱԿԵՑ «ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԻ ՕՐ»

 

Շաբաթ, 15 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5-ին, իր աշխատանքները շարունակեց շաբաթ մը առաջ ընթացք առած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական առցանց Ա. համագումարը, մասնակցութեամբ միութեան 22 շրջաններու մարզական պատասխանատուներու, Թեհրանի Հ.Մ.Ա.Կ. եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչներու։


Համագումարի առաջին երկու նիստերուն միութեան մարզական ընդհանուր իրավիճակը քննելէ ետք, երրորդ եւ չորրորդ նիստերով մասնակիցները օրակարգի վրայ ունեցան հրատապ կարեւորութիւն ներկայացնող կարգ մը հարցեր.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական առաքելութիւնը այսօր, 2021-ի աշնան առցանց խաղերու կազմակերպման ծրագիրը, քորոնայի համաճարակին ազդեցութիւնը մարզական կեանքին վրայ, «Հրաշք»-ի փորձառութիւնը (յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու մարզախաղեր) եւ 2022-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ԺԱ. մարզախաղերը (ծրագիր, յայտագիր, նախապատրաստական, դաստիարակչական եւ բարեսիրական աշխատանքներ եւ այլն)։


Համագումարին սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան հանդէս եկաւ միութեան մարզական առաքելութիւնը ներկայացնող ելոյթով մը, ուր շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար մարզախաղերը միջոց են եւ ոչ՝ նպատակ, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ. սովորական մարզական ակումբ մը չէ, ուր մարզիկներ յաճախեն, մրցումներ կատարեն, յաղթեն ու պարտուին, «Հ.Մ.Ը.Մ. հայապահպանման աշխատանքին լծուած եւ մեր ընդհանրական նպատակներուն իրականացման ծառայող մարմնակրթական միութիւն մըն է, իր իւրայատուկ նկարագիրով, գործելաձեւով եւ ոգիով», ըսաւ ան։


Օրակարգի կէտերու քննութեան ընթացքին, մասնակիցները դիտեցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու 40 տարիները եւ «Հրաշք»-ի մարզախաղերը ներկայացնող տեսանիւթերը։ Առաջարկներու բաժինով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան մարզական եռանդամ մարմինի անդամ եղբ. Տիրան Վահրատեան ներկայացուց 22 Յուլիսը՝ միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը «Հայ մարզիկի օր» հռչակելու առաջարկը, որպէսզի այսուհետեւ ամէն տարի այդ թուականին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը յիշէ եւ պատուէ անցեալի ու ներկայի իր բոլոր մարզիկ-մարզիկուհիները, որոնք պատուաբեր յաջողութիւններով միութեան ճամբով հայութեան անունը բարձր կը պահեն ամէնուր։ Առաջարկը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ եւ իր արժանի տեղը գտաւ միութենական տօնակատարութիւններու տօնացոյցին մէջ։


Համագումարի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից բոլոր շրջաններուն, ներկայացուցիչներուն, համագումարը իրականացուցած մարզական, քարոզչական, թեքնիք յանձնախումբերուն եւ շեշտեց, որ միութեան պատմութեան մարզական առաջին համագումարը մեկնակէտը կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական աշխատանքներու վերակազմակերպման, մարզիկներու եւ մարզիչներու յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներու մշակման, ինչպէս նաեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու յաւելեալ զարգացման։


Այնուհետեւ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական առցանց Ա. համագումարը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։

Տարածենք