ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՍԿՍԱՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Շաբաթ, 8 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5-ին, ընթացք առաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական առցանց Ա. համագումարը, նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ մարզական յանձնախումբին։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան 22 շրջաններէն, ինչպէս նաեւ Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն ներկայացուցիչներ, կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, հիւրեր, ընդամէնը՝ 94 մասնակիցներ։
Համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ։ Բացման խօսքով եւ համագումարի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտ Քիլիճեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ նկատել տուաւ, որ մարզական այս համագումարը պարտականութիւնը ունի նախապէս շրջաններու կողմէ ամբողջացուած հարցախոյզներու հիմամբ քննարկելու միութեան մարզական կեանքին ընդհանուր իրավիճակը, դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւնները եւ ապագայի զարգացման հեռանկարները, յատկապէս համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերէն տարի մը առաջ։
Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Ան ըսաւ, որ Հ․Մ․Ը․Մ․ի պատմութեան մէջ իւրայատուկ է այս համագումարը, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մակարդակի նման հաւաքով մը առիթը կը ստեղծուի մասնագիտական մօտեցումով քննելու միութեան մարզական թեւը յուզող հարցերն ու դժուարութիւնները։ Այս համագումարը նաեւ իւրայատուկ է, որովհետեւ ան տեղի կ’ունենայ առցանց, հակառակ քորոնա համաճարակի ստեղծած դժուարութիւններուն, ինչ որ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է մարզական կեանքին վրայ, Հ․Մ․Ը․Մ․ի մէջ թէ դուրսը։
Շարունակելով, եղբ. Նաճարեան նշեց, թէ Հ․Մ․Ը․Մ․ի պարագային առցանց գործունէութեան մարտահրաւէրը միայն ֆիզիքական դաստիարակութեան հետ կապուած չէ, այլ ունի ազգային եւ միութենական անդրադարձներ, որոնց հետեւանքները կրնան կրել յաջորդող սերունդները, եթէ չկարենանք լուծումներ գտնել այդ մարտահրաւէրներուն։
Ապա, համագումարին աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթելով, եղբ. Նաճարեան նկատել տուաւ, որ համագումարը պատգամ մը կը փոխանցէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներուն եւ ամբողջ աշխարհին, թէ միութեան գաղափարաբանութիւնը եւ գործունէութիւնը կը պատշաճին ամէն տեսակի դժուարութիւններուն եւ կրնան տեւաբար աշխատանքի նոր ձեւեր գտնել, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ. շարունակէ ծառայել եւ իր ազգային գաղափարները տարածել։
Խօսքին աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը հանդէս եկաւ առաջարկով մը՝ հաստատելու «Հայ մարզիկի օր», որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ. այսուհետեւ ամէն տարի յատուկ շուքով նշէ մարզական իր փառքը կերտած սերունդները, յաղթանակները եւ պատուէ անցեալի ու ներկայի փայլուն մարզիկները, որոնք իրենց առաւելագոյնը ներկայացուցած են եւ կը ներկայացնեն միութեան ճամբով հայութեան անունը բարձր պահելու համար։
Կեդրոնական Վարչութեան խօսքին յաջորդեց միութեան մարզական կեանքին պատմականը ներկայացնող տեսանիւթը, որ ընդհանուր ակնարկով մը ծանօթացուց հայ մարզական կեանքին գլխաւոր հանգրուանները՝ նախաեղեռնեան օրերէն մինչեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծնունդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոլսոյ եւ անկախ Հայաստանի մարզական գործունէութիւն, ապա՝ սփիւռքեան օրեր, հասնելով մինչեւ մեր օրերու իրագործումներ եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնութիւններ։
Այս առիթով, տեսակապով համագումարի մասնակիցներուն իրենց ողջոյնի եւ խրախուսանքի խօսքերը փոխանցեցին միութեան մարզական կեանքին մէջ իրենց յատուկ դրոշմը ձգած վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ՝ եղբ. Արա Յակոբեան, քոյր Սելլա Թնճուկեան եւ եղբ. Հրաչ Սիսեռեան։
Այնուհետեւ, վերջ գտաւ համագումարին պաշտօնական բաժինը, որ ուղղակի սփռուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով (կարելի է զայն տեսենել հետեւեալ կապով՝ www.facebook.com/MyHomenetmen)։ Կարճ դադարէ մը ետք, համագումարը իր աշխատանքներուն սկսելով, երկրորդ նիստով քննարկեց միութեան մարզական խումբերու թիւերուն, մարզիկ-մարզիկուհիներու համեմատութեան, կիրարկուած մարզաձեւերու տեսակներուն, սիրողական մարզական կեանքի զարգացման, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ համահայկական խաղերու վերաբերող նիւթեր։
Երկու ժամուան քննարկումներէ ետք, համագումարին առաջին օրուան աշխատանքները վերջ գտան երեկոյեան ժամը 8-ին։
Յառաջիկայ շաբաթ, 15 Մայիսին, համագումարը երկու այլ նիստով կը քննարկէ առցանց խաղերու, «Հրաշք»ի (յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու) խաղերու, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու եւ կանոնագրութեան վերամշակման կապուած հարուստ օրակարգ։