ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆ
Ապրիլ 24-ի Ծիծեռնակաբերդի ոգեկոչական ձեռնարկին ներկայ գտնուելու եւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացնելու իր մէկ շաբթուան Հայաստան այցելութեան ընթացին, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կեդրոն, որուն մուտքին ան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան կողմէ դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով մը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան կողմէ նախարարի պաշտօնակատարը դիմաւորեցին ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան, վարչութեան անդամ քոյր Շուշան Մելիքեան, եղբայրներ Մանուկ Մանուկեան, Յարութ Գաբրիէլեան եւ Պերճ Թիւֆէնքճեան:
Նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան հետ քննարկեց վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները եւ անոնց լոյսին տակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կատարած աշխատանքները:
Հանդիպումին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի հայրենանուէր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը` նորահաս սերունդներու ազգային դաստիարակութեան մէջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի վերջին պատերազմին նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, ինչպէս նաեւ՝ հայրենիքի պաշտպանութեան փութացած Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներուն` հաստատելով, որ մարդկային կորուստը ծանր էր, սուգը՝ համատարած:
Նախարարի պաշտօնակատարը մեծապէս գնահատեց Արցախի պատերազմին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու նուիրումը, անմիջապէս օգտակար դառնալու եւ աշխատանք ստանձնելու բարձր ոգին, շեշտելով, որ երիտասարդներն ու պատանիները հայութեան կեանքին կարեւոր մէկ մասնիկը կը ներկայացնեն: Ան ընդգծեց նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Նկատի ունենալով նախարարի պաշտօնակատարին Հ.Մ.Ը.Մ.ական անցեալը, հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: