Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021-ի երեկոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայր Օշին Փիրումեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռոստոմ Այնթապլեան, անդամներ Ստեփան Պոյաճեան եւ Հրայր կարապետեան:

Հանդիպումին ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչին փոխանցեց միութեան շրջանի աշխատանքներուն եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Արցախեան պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին եւ Սիւնիքի մէջ ազրպէյճանական կողմին կատարած ոտնձգութիւններուն:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագործակցաբար պիտի շարունակեն իրենց երթը՝ ծառայելով մեր ազգին ու հայրենիքին:

Տարածենք