ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ՏՈՒՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին կազմակերպած Վկայեալ կարգի տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 16 Մայիս 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Առաջնորդի օգնական Մանուկ Աբղ. Պրիխանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Աւագ Քհնյ. Արապաթլեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտ. Խորհուրդին, մասնաճիւղերու խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն, սեմինարի դասախօսներուն, Հալէպի մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ հրաւիրեալներու։

Հանդիսութիւնը սկսաւ տողանցքով, առաջնորդութեամբ՝ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետութեան։ Վկայեալ կարգի թեկնածուները թմբուկի դոփիւնով եւ դրօշակներու ծածանումով քալեցին եւ շարուեցան զուգահեռ շարքով, ապա Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեանի «Պատուի ա՛ռ»ի հրահանգով եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով կատարեցին դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք վերադարձան իրենց տեղերը։

Բեմավար քոյր Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան հրաւաւիրեց Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեանը արտասանելու բացման խօսքը։ Ապա, յաջորդաբար ան հրաւիրեց յայտագիրին մաս կազմող քոյրերն ու եղբայրները։ Հալէպի մասնաճիւղի թեկնածուները ասմունքեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը։ Լաթաքիոյ մասնաճիւղէն եղբ. Յովիկ Մովսէսեան դաշնակի վրայ նուագեց «Մանուշակ էիր» ստեղծագործութիւնը, իսկ Քեսապի մասնաճիւղի թեկնածուները կատարեցին Քեսապի բարբառով երգ մը, որմէ ետք Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդէն քոյր Ալին Քիւրիւմլեան ներկայացուց սեմինարին տեսական եւ գործնական բաժիններուն տեղեկագիրը։

Հասած էր վկայուելու պահը։ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան թեկնածուները հրաւիրեց երդման արարողութեան։ Եղբայրը նախ խօսեցաւ արարողութեան կարեւորութեան եւ իրենցմէ ակնկալուած պարտաւորութիւններուն մասին։ Ապա կատարեց երդման արարողութիւն։ Ան հրաւիրեց Սուրիոյ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեանը՝ ստանալու Վկայեալ կարգի վկայականն ու պէճը։ Ապա, Սուրիոյ Շրջանային խմբապետութեան ձեռամբ թեկնածուները հրաւիրուեցան եւ միութեան դրօշակը համբուրելէ ետք՝ ստացան իրենց վկայականներն ու պէճերը։

Այս առիթով, Շրջանային խմբապետուհին փոխանցեց խմբապետի խօսքը։ Ան շնորհաւորեց վկայուած նոր սերունդը եւ խմբապետի անհրաժեշտ թելադրանքներ փոխանցեց անոնց։ Ապա, բեմավարը հրաւիրեց Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեանը՝ ներկայացնելու Շրջանային Վարչութեան խօսքը։ Հուսկ, Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան փոխանցեց իր պատգամը։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

Յայտնենք, որ Վկայեալ կարգ ստացան.-

ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ

Քոյրեր Ժպիտ Խաչերեան, Մարալ Մերտխանեան, Մարիա Չաղլասեան, Սարին Էմմանեան, եղբայրներ Յակոբ Սանճեան, Գէորգ Եագուպեան եւ Կիրօ Գարամանեան։

ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ

Քոյրեր Վարդուկ Կարապետեան, Անի Մանուկեան, Ազնիւ Պետրոսեան, Սինթիա Աստուրեան, Քրիստին Գաբրիէլեան, Նանօր Պէօճիկեան, Տեսիլ Անթունեան եւ Ռեփեքա Ղըշրանեան, եղբայրներ Դրօ Խալոյեան, Յովիկ Մովսէսեան եւ Յովիկ Սաղտըճեան։

ՔԵՍԱՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ

Քոյրեր Դալար Լընդեան, Մարի Շէյխուկեան եւ Էլիզապէթ Չէլէպեան։

Տարածենք