ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, միջ-մասնաճիւղային Վկայեալ կարգի սեմինարը սկիզբ առաւ Ուրբաթ, 14 Մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երեք մասնաճիւղերէն (Լաթաքիա, Քեսապ, Հալէպ) 22 քոյր-եղբայրներու։

Լաթաքիոյ մասնաճիւղը սեմնարին կը մասնակցէր 12 քոյր-եղբայրներով, Քեսապի մասնաճիւղը՝ 3, իսկ Հալէպի մասնաճիւղը՝ 7։

Սեմինարին առաջին օրուան հերթապահն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան։

Հաւաքին յաջորդեց նախաճաշ, ապա ծանօթացման խաղ, զոր վարեց քոյր Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան։ Ապա կատարուեցաւ խմբակային դրութիւն։

Մասնակիցները բաժնուեցան չորս խմբակներու, որոնք կոչուեցան Արցախեան պատերազմին զոհուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատակներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի, Մոսիկ Սէքլեմեանի եւ Րաֆֆի Պչաքճեանի անուններով։

Խմբակները իրենց պատասխանատուներուն հետ ընտրեցին իրենց կանչերը, ապա կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն։ Արարողութեան ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամները։ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան խօսք առնելով բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն։ Ապա, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեան փոխանցեց խորհուրդին խօսքը։ Այնուհետեւ, Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան մասնակիցներուն փոխանցեց կարգապահական օրէնքներու գործնական բաժինը։

Յաջորդ դասախօսը՝ եղբ. Յովիկ Սիւլահեան ներկայացուց նախահաշիւ եւ հաշուեկշիռ պատրաստելու ձեւը։ Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ թեզերու ներկայացում՝ Լաթաքիոյ մասնաճիւղէն կարգ մը քոյրերու եւ եղբայրներու։ Ապա, քոյր Մարալ Գալայճեան-Սէմէրճեան դասախօսեց նամակագրութեան եւ ատենագրութիւն գրելու հիմնական կէտերու մասին։ Յաջորդ դասախօսն էր քոյր Նայիրի Զագոյեան-Այնթապի, որ դասախօսեց յայտագիր պատրաստելու մասին, նաեւ կատարեց անոր գործնական բաժինը։

Կարճ դադարէ ետք, քոյրերն ու եղբայրները վերադարձան սեմինարի մթնոլորտին, այս անգամ կապերու ուսուցումով, զոր ներկայացուց Հալէպի մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեան։ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեան դասախօսեց սկաուտական արարողութիւններու առաջին բաժինը՝ «Գայլիկական արարողութիւններ»ը։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ մասնակիցները ունեցան մտերմիկ ընթրիք մը՝ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով։ Վերադարձէն ետք, մատուցուեցաւ թեզերու ներկայացման երկրորդ բաժինը, ապա դրօշակի արարողութեամբ եւ քնանալով առաջին օրուան յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։

 

ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ

Սեմինարին երկրորդ օրը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ։ Առաջին օրակարգն էր սկաուտական մարզանքներու ուսուցում, ինչպէս նաեւ ռիթմիկ եւ գաւազանով մարզանք, զորս կատարեց եղբ. Կարօ Տիշչէքէնեան։ Հաճելի անակնկալ էր Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի անակնկալ այցելութիւնը սեմինարի մասնակիցներուն։ Ան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն, կարեւոր թելադրանքներ փոխանցեց անոնց եւ բարձր գնահատեց Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին կատարած աշխատանքը։

Այնուհետեւ մասնակիցները միասնաբար ճաշակեցին համեղ նախաճաշ։

Սկաուտական արարողութիւններ նիւթին երկրորդ բաժինը ներկայացուց եղբ. Յովիկ Փամբալեան։ Ապա քոյր Հուրինա Պէրպէրեան ներկայացուց տեղեկագիր եւ նամակ գրելու ձեւերը։

Այնուհետեւ, մասնակիցները մեծ ուրախութեամբ մեկնեցան Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի, ուր եկեղեցւոյ խորհրդաւոր սուրբ խորանին առջեւ նստած՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մասին դասախօսութիւն մը ստացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեանի կողմէ։

Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեան հետաքրքրական զրոյց մը վարեց, նիւթ ունենալով «Սկաուտութեան դերը նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ»։ Վերադարձին, մասնակիցները ճաշեցին, ապա ամբողջացուցին իրենց թեզերուն ներկայացումը։ Յաջորդեցին նախահաշիւ, յայտագիր, տեղեկագիր եւ նամակ գրելու գործնական աշխատանքները։

Ընթրիքէն ետք, սեմինարին մասնակիցները կատարեցին գայլիկական արարողութիւններու գործնական բաժինը, ապա՝ փակման հանդիսութեան փորձեր եւ դրօշակի արարողութիւն։

Սեմինարին երկրորդ օրը աւարտին հասաւ խրախճանքով։

 

ԵՐՐՈՐԴ ՕՐԸ

Սեմինարին երրորդ օրը սկիզբ առաւ քայլարշաւով մը դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզ, ուր թեկնածուները Հալէպի մասնաճիւղի արի-արենոյշ եւ երէց-պարման միաւորներուն հետ միասին կատարեցին դրօշակի արարողութիւն։ Ապա, Վկայեալի խմբակները ստանձնեցին Հալէպի մասնաճիւղի խումբերուն դաստիարակչական գործունէութիւնը՝ իրենց պատրաստած գործնական յայտագիրներով։ Այս միջոցին, Շրջանային խմբապետութիւնը շրջելով հետեւեցաւ պատրաստուած յայտագիրներուն եւ արժեւորեց անոնց աշխատանքը։

Գործունէութեան աւարտին կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, ապա նախաճաշ։ Այնուհետեւ, կարճ դադարէ մը ետք սկիզբ առաւ սեմինարին քննութիւնը։ Սուրիոյ Շրջանային խմբապետութիւնը որոշած էր քննութեան չորս տաղաւարներ.-

ա) Տեսերիզներու դասախօսութիւններու։

բ)Գործնական սեմինարի դասախօսութիւններու։

գ)Կապերու գործնականի։

դ)Սկաուտական մարզանքներու գործնականի։

Թեկնածուները չորս տաղաւարները շրջելով իրենց տրուած հարցումներուն պատասխանեցին եւ պահանջուածները կատարեցին։ Ապա, մեծ ուրախութեամբ անոնք շրջեցան ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի նորակառոյց եւ նորոգուած զոյգ դաշտերը։ Այնուհետեւ, քայլարշաւով վերադարձան։ Ճաշէն ետք, անոնք Վկայեալ կարգի տուչութեան յայտագիրի փորձերը կատարեցին, պատրաստուելով հանդիսութեան։

 

Տարածենք