ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 103-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ

 

Հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 28 Մայիս 2021-ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան 103-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն։ Առաւօտեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն, իսկ երեկոյեան՝ տօնակատարութիւն։

Տօնակատարութեան ներկայ էին Քուէյթի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան եւ հիւպատոս Վարդգէս Յովսէփեան, ինչպէս նաեւ գաղութի ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Յայտագիրը ընթացք առաւ Քուէյթի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոյր Ալինա Քէօշկերեան։ Ան Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ Մայիս 28֊ի տօնին իւրայատկութեան եւ հակառակ քորոնա ժահրին, անոր անմոռանալի ըլլալու երեւոյթին։ Ապա խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արամ Մահտեսեան։ Ան իր կարգին անդրադառնալով օրուան խորհուրդի պատմական արժէքին կարեւորեց Սարդարապատի ոգին եւ կամքը այսօր աւելի կենդանի պահելու հրամայականը։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ տեսերիզով, ասմունքով եւ մեներգով, կատարողութեամբ խումբ մը սկաուտներու։ Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին քոյր Աննա Պոտիկեան (ասմունք` «Թուղթ Առ Երեւան») եւ Ատոմ Քեհեայեան (երգ` «Մենք քիչ ենք»)։

Այս առիթով խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան։ Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը յաջորդող սերունդներուն հերոսապատումի դաս փոխանցած է։ Այս դասը մեզի կը սորվեցնէ ունենալ անկախ հայրենիք եւ հզօր պետութիւն։ Մեր պարտաւորութիւնն է հզօր պետութիւնը փոխանցել մեր յաջորդներուն, ինչպէս ըրին մեր նախորդները։

«Զարթիր Որդեակ» եւ «Հայոց մարտիկներ» մեներգները հնչեցին քոյրեր Լուսինէ Քահքէճեանի եւ Լիլա Կարապետեանի կողմէ։ Ապա խօսք առաւ տեղւոյն պատասխանատու մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Մելիքսէթեան։ Ան իր կարգին շեշտեց Հ.Յ.Դ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւորութիւնն ու դերը՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտումին եւ անկէ ետք՝ աշխարհասփիւռ այդ յաղթանակի ոգին տարիներ շարունակ, մինչեւ այսօր սերունդէ սերունդ փոխանցելու մէջ։ Ապա, միօրեայ արշաւ-բանակումի տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, «Հայեր միացէ՛ք» երգով հանդէս եկաւ Վաչէ Թաշճեան, իսկ Գէորգ Էմինի «Մենք» ասմունքով` քոյր Կասիա Աբիկեան։ Յայտագիրը շարունակեցին ճոխացնել տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ. Քեռի Սարգիսեան, Ռոստոմ Սարգիսեան եւ փոքրիկն Քեռի Սարգիսեան ներկայացուցին հայրենասիրական շարք մը երգեր, խմբերգ` «Սարդարապատ», խմբավարութեամբ` Ժաննա Սերոբեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` Հայկուհի Բազեանի։

Սկաուտական տողանցքի եւ աստիճանի տուուչութեան տեսանիւթի ցուցադրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ եղբայր Արամ Մահտեսեան յատուկ յուշանուէրներով գնահատեց ելոյթ ունեցած կրտսերագոյն անդամները։ Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Հայր Սուրբը բարձրօրէն գնահատեց Քուէյթի Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Մայիս 28-ը լաւապէս ապրեցուցած ըլլալուն համար եւ ապա լուսարձակի տակ առաւ ազգային ինքնութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու Քուէյթի գաղութին նախանձախնդրութիւնն ու կամքը։

Երեկոն փակուեցաւ «Հայորդիք» երգով, կատարողութեամբ Լիլա Կարապետեանի։ Այնուհետեւ, հատուեցաւ կարկանդակ եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Տարածենք