Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

 

Կիրակի, 18 Յուլիս 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանի, անդամ եղբայրներ Օշին Փիրումեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ վերականգնեց 44 օրեայ պատերազմէն ետք աշխատանքէ դադրած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի շրջանը։


Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մասնաճիւղի նոր վարչութեան հետ եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ հանգրուանին Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծաւալելիք աշխատանքներուն շուրջ։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ Հ.Յ.Դ. ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ՀԵՏ
Նոյն օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու խորհրդական Արմէն Սարգսեան։


Հանդիպումէն ետք, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իբրեւ Հ.Յ.Դ.ի ուղեկից կառոյց, Արցախի մէջ գործունէութեան սկսաւ Օգոստոս 2019-ին։ Իշխանեան մեծապէս գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն վերսկսումը Արցախի մէջ, պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակներու մօտ պատերազմի հետաւանքով յառաջացած խնդիրները դարմանելու համար։


Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնական նպատակներէն մէկն է նոր սերունդին ազգային առողջ դաստիարակութեան ջամբումը եւ առողջ միտքով ու առողջ մարմնով սերունդներու կերտումը։ «Արցախի պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային դաստիարակութեան հարցը Հ.Մ.Ը.Մ.ի գլխաւոր աշխատանքներէն մէկն է», շեշտեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը։

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատուիրակութիւնը Արցախի մէջ այցելեց Ստեփանակերտի եղբայրական գերեզմանոց եւ յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Արցախի Հանրապետութեան անդրանիկ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Արթիւր Մկրտչեանի շիրիմին եւ Արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուած արցախցիներու յիշատակին։

Տարածենք