ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆԻ 135-ԱՄԵԱԿ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

 

Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան 135-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայ Մարզիկի Օրուան առիթով, Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 22 Յուլիս 2021-ին տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ յիշատակի ձեռնարկ, Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկին մէջ, մասնակցութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ․ Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ եղբ․ Դաւիթ Յակոբեանի եւ Օշին Փիրումեանի, Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, Հիմնարկի լրագրութեան ամպիոնի վարիչին, Երեւանի մասնաճիւղերու վարչականներուն եւ սկաուտներուն։ Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ եղբ․ Վաչէ Նաճարեան։

Տարածենք