ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՄԻՋ-ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

 

12 Յունիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու կազմակերպման միջ-նախարարական յանձնախումբին նիստը, որուն մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Հայաստանի վարչութեան ատենապետ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի մարզառազմական եւ արտաուսումնական դաստիարակութեան վարչութեան պետ Արկադի Պետրոսեան, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աշխատակազմի մարմնակրթութեան բարձրագոյն նուաճումներու քաղաքականութեան վարչութեան հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան բաժինի պետ Լեովա Վարդանեան, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի պետ Եուրի Մամիկոնեան, Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակական կարգի ապահովման վարչութեան արտաքին ծառայութեան բաժինի պետի տեղակալ Գուրգէն Աբրահամեան, մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի մշակութային ծրագիրներու եւ դիտարկումի վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Ռուզաննա Ղլէչեան, առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմի բժշկական օգնութեան քաղաքականութեան վարչութեան արտահիւանդանոցային բժշկական օգնութեան քաղաքականութեան բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Նորա Փահլեվանեան:
Նիստին ընթացքին, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր նկատեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու իրականացումը, որուն պատշաճօրէն կազմակերպման համար ստեղծուած է միջ-նախարարական յանձնախումբ, նշեց ան: Նախարարը յայտնեց, որ 2018-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, ինչ որ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան շրջագիծին մէջ մեծ իրադարձութիւն է: Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները պիտի սկսին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերով:
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան նշեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս հանդիպումները սոսկ մարզական մրցումներ չեն, այլ՝ հայրենասիրութեան եւ հայրենաճանաչութեան տօնահանդէս:
Բոլոր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ ճշդուեցան մարզախաղերու կազմակերպական եւ աշխատանքային հարցերը:

Տարածենք