ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՍԿԱՈՒՏ. ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ Ա. ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

 

 

 Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ի կէսօրուան ժամը 12-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հինգ մասնաճիւղերու (Լաթաքիա, Դամասկոս, Գամիշլի, Քեսապ եւ Հալէպ) միջ-մասնաճիւղային Սկաուտ. խորհուրդներու Ա. հանդիպումը։

Հանդիպումը վարեց Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեան։ Հանդիպումին արծարծուեցան մասնաճիւղերու Սկաուտ. Խորհուրդներու աշխատանքները եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները իրենց զեկոյցները տալէ ետք, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետը կարգ մը թելադրութիւններ կատարեց գործելաձեւի բարելաւման եւ մասնաճիւղերը թիւով ու որակով բարելաւելու համար։ Ապա, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամները յաջողութիւն մաղթեցին մասնաճիւղերու Սկաուտ. Խորհուրդներու աշխատանքներուն։

Հանդիպումը փակուեցաւ ժամը 1.30-ին։

Տարածենք