ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

 

 

Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, միջ-մասնաճիւղային տողանցքէն առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը ժողով մը գումարեց Սուրիոյ  հինգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն հետ:

Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւօ Տէրվիշեան ողջունեց ներկաները եւ փոխանցեց տողանցքին յայտագիրն ու ընթացքը՝ յաջողութիւն մաղթելով բոլորին: Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, նշելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու կարեւորութիւնն ու արժէքը։ Ան ըսաւ, որ մեծ բախտաւորութիւն է, երկար տարիներ ետք, այս սերունդին մասնակցութիւնը աւանդական տողանցքին:

Տարածենք