Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔՈՎ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, տասը տարուան ընդհատումէ ետք, Հալէպի «Ռիայէթ Շապապ» դաշտին վրայ մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ միջ֊մասնաճիւղային տողանցք-փառատօն՝մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու շեփորախումբերուն, սկաուտական կազմերուն եւ մարզական խումբերուն: Տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան մարզիկները:

Տողանցքը տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար Ահմատ Մանսուրի հովանիին ներքեւ:

Տողանցքը շնորհաւորական արտայայտութիւն էր Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատի վերընտրութեան, ինչպէս նաեւ ցնծութեան տօն էր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակին առիթով:

 

ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ

Տողանցքին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, հայ համայնքապետներու ներկայացուցիչները, Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, Հ.Հ. մարդասիրական առաքելութեան խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի գլխաւոր քարտուղարը, Հալէպի նահանգապետին ներկայացուցիչը, Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամներ, պետական բարձրաստիճան հիւրեր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու թաղականութիւններ, հալէպահայ միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:

 

ԲԱՑՈՒՄԸ

Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներու յիշատակը:

Օրուան հանդիսավարներն էին քոյր Մարալ Գալայճեան-Սէմէրճեան, եղբ. Եղիա Քիլէճեան (արաբերէն) եւ քոյր Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան (հայերէն)։ Անոնք յայտագիրը ներկայացուցին արաբերէնով եւ հայերէնով, նաեւ՝ Սուրիոյ նախագահին վերընտրութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին նուիրուած լոզունգներով ողջունեցին տողանցող Հ.Մ.Ը.Մ.ականները:

Արաբերէն բացման խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. տոքթ. Արամ Աւետիսեան, դիտել տալով որ տասը տարիներու դաժան պատերազմէն Սուրիան յաղթական դուրս եկաւ՝ շնորհիւ սուրիական քաջարի բանակին եւ իմաստուն ղեկավարութեան: Ան մեծ յաղթանակ նկատեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին վերընտրութիւնը, որուն ուրախութեան արտայայտութիւնը եղաւ Սուրիոյ նահանգներէն համախմբուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի հինգ մասնաճիւղերու քոյրերուն ու եղբայրներուն երախտագիտական տողանցքը:

Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայակերտումի առաքելութիւնը եւ այս առիթով ողջունեց հինգ մասնաճիւղերուն խանդավառ մասնակցութիւնը միջ֊մասնաճիւղային տողանցքին: Ապա, եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պետական բարձրաստիճան աւագանիին:

 

ԲԱՑՄԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ ԵՒ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Բացման պատկերով Հ.Մ.Ը.Մ.ի հինգ մասնաճիւղերու քոյրերն ու եղբայրները պարզեցին Սուրիոյ նախագահին եւ Սարդարապատի յուշարձանին պատկերները: Այնուհետեւ, Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնուած ճրագով ջահը վառեց եւ զայն փոխանցեց Սուրիոյ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեանին։ Ապա, ջահը փոխանցուեցաւ հինգ մասնաճիւղերու խմբապետներուն ու սկաուտի մը ձեռամբ կայմին վրայ հաստատուած ջահը լուսաւորուեցաւ:

Մարզական ներկայացումով հանդէս եկան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան մարտարուեստի, ռիթմիկ մարմնամարզի, սանտայի եւ քիք-պոքսինկի մարզիկները, որոնք հետաքրքրութիւն շարժող մարզաձեւերով արժանացան ներկաներու ուշադրութեան:

 

ՏՈՂԱՆՑՔԸ

Յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային տողանցքը, որուն բացումը կատարեցին Սուրիոյ Շրջանային խմբապետութիւնն ու հինգ մասնաճիւղերու խմբապետները: Յաջորդաբար տողանցեցին Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Քեսապի եւ Հալէպի մասնաճիւղերու սկաուտական եւ մարզական խումբերը, իրենց շեփորախումբերուն առաջնորդութեամբ: Տողանցեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երէց եղբայրները, որոնք երկար տարիներու վաստակ ունին միութեան շարքերէն ներս, ապա տողանցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան մարզիկները:

Լոզունգներու կարգին հնչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրուած խօսքը, որուն ընթացքին հանդիսավարը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին անունով շնորհաւորական խօսք ուղղեց Վեհափառ Հօր՝ գահակալութեան 26-ամեակին առիթով, մաղթելով արեւշատութեամբ եւ քաջառողջութեամբ լեցուն ընդ երկար գահակալութիւն:

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ

Ներկաներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեան: Ան ողջունեց Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, որոնք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն միացան՝ միասնաբար շնորհաւորութիւններ յայտնելու Սուրիոյ նախագահին՝ իր վերընտրութեան առիթով: Ապա, Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այսօր սուրիացի ժողովուրդը յաղթական դուրս եկած, անգամ մը եւս կը համախմբուի իր նախագահին շուրջ, որ ամբողջ տասը տարի իմաստութեամբ, խոհեմութեամբ, լրջութեամբ եւ քաջութեամբ պայքարեցաւ սուրիական հայրենիքին ազատութեան եւ անոր ամբողջականութեան պահպանման համար: Սուրիոյ բոլոր բաղադրիչ տարրերուն հետ սուրիահայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ իր զաւակներուն արիւնը նուիրաբերելով սուրիական հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան, յայտնելով Տէր Զօրէն եկող յարուցեալ հայուն հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին, անոր նախագահին եւ սուրիացի ասպնջական ժողովուրդին:

Սրբազան Հայրը հպարտութեամբ յիշեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակը, որուն պայծառութիւնը ի յայտ կու գայ ազգային արժէքները պահող սուրիահայ համայնքին մէջ:

Հպարտութիւն առթող տողանցքին ընդմէջէն ան տեսաւ մէկ բռունցք կազմած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն կապուածութիւնը՝ Հայաստանին, Արցախին եւ Սուրիոյ:

Իր խօսքին աւարտին, Առաջնորդը բոլորին անունով շնորհաւորեց նախագահին վերընտրութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 26-ամեակը, անոր մաղթելով արեւշատ եւ պայծառ տարիներ:

 

ԱՀՄԱՏ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ԽՕՍՔԸ

Այնուհետեւ խօսք առաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Մանսուր, որ գեղեցիկ պատկերով մը յայտնեց, թէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները կը բաժնեկցին կարմիր գոյնը, որ դաւադիր ուժերուն դէմ նահատակներուն թափած արիւնը կը խորհրդանշէ:  Ան յայտնեց, թէ Էրտողան պարտական դուրս եկաւ Սուրիոյ դէմ պատերազմէն, շնորհիւ երեք ուժերու՝ սուրիացի ժողովուրդին, Սուրիոյ արի բանակին եւ երկրի նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատի մաքառումներուն: Ապա, ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես բերկրալի այս տողանցքին, մեծապէս գնահատելով շրջաններէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մասնակցութիւնը:

 

ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

Տողանցքին վերջին բաժինով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ձեռամբ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում՝ Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ շեփորախումբերուն։ Տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւատրում՝ հինգ մասնաճիւղերու մարզական ներքին մրցաշարքներու ախոյեաններուն, ինչպէս նաեւ Հալէպի մասնաճիւղի վերանորոգուած դաշտերուն վրայ տեղի ունեցած ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումներու ախոյեան խումբերուն (Այս մասին տեսնել առանձին, էջ 16):

Տողանցքին խանդավառութիւնը ամբողջացաւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին կողմէ գեղարուեստական յայտագիրի ներկայացումով. ելոյթ ունեցան Լաթաքիայէն ժամանած Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, ապա՝ նուագախումբը, մասնակցութեամբ սուրիահայ երգիչներ Մարիա Չիչեանի, Արման Տէր Պետրոսեանի, Կասիա Պաղտիկեանի, Կարօ Գուշաքճեանի, Մեղեդի Փամպուքեանի, Ակաբէ Ֆրանքեանի, Լիւսի Յովհաննէսեանի, Խաչիկ Աշճեանի եւ Քեսապէն ժամանած Սեւակ Պետուրեանի:

 

Տարածենք