Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 

 

 Ուրբաթ, 16 Յունիս 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Հայաստան ու Արցախ մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հօր օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրութիւնները իմանալու համար:

Այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի աշխատանքներուն համար, որոնց նպատակն է նպաստել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հզօրացման ու ազգային մեր իտէալներու իրականացման:

Տարածենք