«ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԻ ՕՐ»Ը ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ
2 Յուլիսի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մարզիկի օր»ուան հանդիսութիւն, որուն ընթացքին պատուուեցան երկրի ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին մասնակցած եւ պատուաւոր 5-րդ դիրքը գրաւած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի ֆութպոլի խումբին անդամները։
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Յարութ Պաղամեան եւ խումբի պատասխանատու եղբ. Գէորգ Թաշճեան: Խումբին մասին վաւերագրական տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, յիշատակի մրցանակներ փոխանցուեցան չորս մարզիկներու՝ եղբայրներ Սամիր Ֆարհուտ Եագուպեանի, Փօլ Ճըռնազեանի, Օհան Թիւթիւնճեանի եւ խումբի մարզիչ եղբ. Սեդօ Եագուպեանի: