ՄԵՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը ահաւասիկ ճակատաբաց կանգնած է պատմութեան շառաւիղին ,այսօրե կոչուած բարձունքին վրայ:
Ան հպարտ է իր անձնուէր միութենականներու փաղանգի 100-ամեայ նուաճումներով:
Հպարտ է՝ հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ 107 մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ անդամներու ծով իրագործումներով:
Հպարտ է՝ միութեան հիմնադիրներու երազը իրականացնող կարգապահ սկաուտներով եւ խմբապետներով:
Հպարտ է՝ մրցանիշեր արձանագրող մարզիկներու բաժակներու եւ մետալներու հաւաքածոներով:
Եւ մանաւանդ՝ հպարտ է դար մը շարունակ հայութեան գոյապայքարին աւիշ հասցնելու իր նուիրումին համար:
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու խարոյկը վառող ջահը պարզ ողիմպիական կրակ մը չէ: Անոր բոցերու ջերմութեան հետ մեզի կը հասնի Հայկեան սլացիք աղեղին ազատատենչութիւնը, Վարդանանց քաջարիներու աննկուն կամքն ու հաւատքը, 1.5 միլիոն նահատակ սուրբերու յստակ պատգամը, միութեան հիմնադիրներու տեսլականին փայլքը եւ Արցախեան գոյամարտի հերոսներուն վճռակամութիւնը։
Պարտաւո՛ր ենք 100-ամեակի սեմին՝ հաւատարիմ մեր ,Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւրե նշանաբանին, այս խորիմաստ ջահին ջերմութիւնը հարազատօրէն փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն: Պարտաւո՛ր ենք նորանոր հորիզոններ որոնելով միութեան գործունէութիւնը ընդարձակելու եւ ծաղկեցնելու:
Սիրելի՛ մարզիկներ, մրցեցէ՛ք մարզական ոգիով եւ հպարտօրէն, լիցքաւորուած 100 տարուան միութենականներու վաստակաշատ նուիրումով, 26,000 անդամ հաշուող հզօր միութեան պատկանելիութեան պարծանքով եւ նուաճումներ արձանագրելու հաստատամտութեամբ:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ