ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ-ԲԱՆԱԿՈՒՄ ՝ ՌՈՒՍԻՈՅ ԵԱՐՈՍԼԱՒԼ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

 

16-18 Յուլիսին, Հ․Մ․Ը.Մ․ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ռուսիոյ Եարոսլաւլ քաղաքին մէջ գործող «Նայիրի» հայկական համայնքային կազմակերպութեան յարկին ներքեւ տեղի ունեցաւ սկաուտական դպրոց-բանակում, որուն մասնակցեցան շուրջ երկու տասնեակ սկաուտներ՝ Մոսկուա, Եարոսլաւլ եւ Պերեսլաւլ քաղաքներէն։

Դպրոց-բանակումին առաջին օրուան ծրագիրը հիմնականօրէն ընդգրկեց ազգային, պատմական եւ մշակութային նիւթեր։

Եարոսլաւլի հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Արսէն Պաղտասարեան հետաքրքրական դասախօսութիւն մը ներկայացուց Արցախեան հիմնախնդիրին, վերջին պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն մասին։

Սուսաննա Նալթակեան ներկայացուց ազգային հերոսի կերպարի կարեւորութիւնը սերունդներու ազգային դաստիարակութեան մէջ՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեանի եւ Արցախեան առաջին պատերազմի հերոս՝ Կարօտի կերպարներուն։ Նալթակեան նաեւ դասախօսութիւն մը ներկայացուց Օսմանեան Թուրքիոյ պարագլուխներուն կողմէ 1915 թուականին կազմակերպուած եւ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ անդրադառնալով նաեւ հայկական Սփիւռքի յառաջացման պատճառներուն։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ․ Անդրանիկ Առուստամեան ներկայացուց Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններուն դերն ու նշանակութիւնը հայապահպանման, համայնքային կեանքի կազմակերպման, հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի աջակցութեան գործին մէջ՝ նշելով Հ․Մ․Ը․Մ․ի բացառիկ դերը նշեալ առաքելութեան մէջ։

Յաջորդ երկու օրերը լեցուն էին սկաուտական տեսական եւ գործնական գիտելիքներով։

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետ քոյր Գոհար Զարդարեան սկաուտներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական կառոյցը, պաշտօններու եւ կոչումներու նշանակութիւնը։

Սկաուտները գործնական մասնակցութիւն ունեցան պայմանական «բանակումի մը» կազմակերպման աշխատանքներուն՝ կազմելով ծրագիր եւ համապատասխան պիւտճէ։ Անոնք մասնակցեցան նաեւ հետախուզական արշաւի եւ ստացան սկաուտական հարուստ գիտելիքներ։

Դպրոց-բանակումի յայտագիրէն անմասն չմնաց ժամանցը՝ աւելի յիշարժան եւ անմոռանալի դարձնելով մասնակիցներուն առօրեան։

Մասնաւորապէս երկրորդ օրը, Եարոսլաւլի «Նայիրի» հայկական համայնքային կազմակերպութեան նախագահ Ռաֆայէլ Աւետիսեանի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, մասնակիցները Վոլկա գետի ափին անմոռանալի ժամանակ անցուցին՝ ազգային երգ ու պարով։

Եղան նաեւ այցելութիւններ Եարոսլաւլ քաղաքի տեսարժան ու պատմամշակութային վայրեր։

Դպրոց-բանակումի յայտագիրի պատասխանատուներն էին եղբ․ Անդրանիկ Առուստամեան, քոյր Տիանա Թաւաքալեան, քոյր Գոհար Զարդարեան, քոյր Գոհար Յունանեան եւ քոյր Սուսաննա Նալթակեան։

Այս առիթով, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Եարոսլաւլի «Նայիրի» հայկական համայնքային կազմակերպութեան նախագահ Ռաֆայէլ Աւետիսեանին եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն՝ ջերմ հիւրընկալութեան եւ դպրոց-բանակումի իրականացման մեծ աջակցութեան ցուցաբերման համար։

 

Տարածենք