50 ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ

 

30 Մայիսին, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի հայ գործիչներու պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թիֆլիսի մեկուսի մասնաճիւղի սկաուտներու խոստման արարողութիւն։ Այս առիթով 50 նոր սկաուտներ համալրեցին միութեան համահայկական մեծ ընտանիքը։

Խոստման արարողութենէն ետք, սկաուտները տողանցքով ուղղուեցան Ս. Գէորգ եկեղեցի՝ նշելու Սայաթ Նովայի տօնը՝ Վարդատօնը, վարդեր խոնարհեցնելով մեծաշուղի շիրմին եւ յարգելով անոր յիշատակը։

Տարածենք