ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ ԵՂԲ. ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆԻ

 

8 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, Երեքշաբթի, 24 Օգոստոսին, Պուէնոս Այրէսի մէջ մահացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան։
Եղբ. Թորգոմեան անցեալ Երկուշաբթի ունեցած էր ուղեղային անակնկալ կաթուած, որուն հետեւանքով ան փոխադրուած էր հիւանդանոց։
Եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան ծնած է Թորգոմ եւ Ալիս Թորգոմեաններու ընտանեկան հայաշունչ յարկին տակ, 8 Մարտ 1967-ին, Արժանթին։ Ան աւարտած է Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան վարժարանը։
Փոքր տարիքէն ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է իբրեւ գայլիկ եւ մարզիկ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հէնտպոլի խումբին հետ ան հասած է մինչեւ ֆետերասիոնի առաջին մակարդակի ախոյեանութիւն։
Լռակեաց, համեստ ու աշխատասէր եղբ. Արմանտօ եղած է Պուէնոս Այրէսի երիտասարդական վարչութեան ատենապետ։ Ապա, մասնաճիւղի վարչական եւ այնուհետեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային արժէքներուն եւ բարոյական սկզբունքներուն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամակցութեան կողքին, եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան եղած է հաւատաւոր դաշնակցական։ Խոնարհ ու «անկեղծ զինուոր» հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին։ Ան եղած է Հ.Յ.Դ. Պուէնոս Այրէսի կոմիտէի ու ապա՝ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։ Ան մաս կազմած է նաեւ Պուէնոս Այրէսի Ազգ. Խրիմեան վարժարանի խնամակալութեան։
Իբրեւ մարզիկ եւ պատասխանատու, եղբ. Արմանտօ մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բազմաթիւ մարզախաղերու, խորհրդաժողովներու եւ հանդիպումներու՝ իր ողջմիտ կեցուածքներով եւ շրջահայեաց մօտեցումներով արժանանալով բոլորին գնահատանքին ու յարգանքին։ Ան իր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տասներկու Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներէն եօթնին։ 11-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2015-ին, ան ընտրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ չորս տարի ետք՝ 2019-ին վերընտրուած է քառամեայ նոր շրջանի մը համար, մաս կազմելով Կեդրոնական Վարչութեան մարզական եւ երիտասարդական յանձնախումբերուն։
Եղբ. Արմանտօ ամուսնացած է եւ հայր զաւակի մը՝ Արամ։
Առ ի յարգանք մեր եղբօր յիշատակին, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այս առիթով կը յայտարարէ եօթնօրեայ սուգ իր համահայկական կառոյցի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Եօթնօրեայ սուգի ընթացքին կը դադրին ընկերային բոլոր հաւաքոյթները եւ դրօշակները կիսով կը բարձրացուին առ ի յարգանք՝ եղբ․ Արմանտօ Թորգոմեանի յիշատակին։
Ցաւակցութիւնները կարելի է փոխանցել Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան ե-նամակի հասցէով՝ office@homenetmen.org կամ հետեւեալ կապով․- https://www.homenetmen.org/hy/condolence-book

Տարածենք