ԱՐՄԱՒԻՐԻ «ՄԱՂԱՔԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցաւ Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի «Մաղաքեան» կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ներկայութեամբ Արմաւիրի փոխ մարզպետ Արգիշտի Մեխակեանի, Արմաւիրի քաղաքապետ Դաւիթ Խուդաթեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամներու, շրջանի դպրոցներու տնօրէններու, ծնողներու եւ մասնաճիւղի սիրելի գայլիկներու եւ սկաուտներու։
Բացման ներկայ էր նաեւ կեդրոնի բարերար Էմիլ Մաղաքեան՝ իր ընտանիքի անդամներուն հետ։
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հանդիսաւոր շքերթով, որմէ ետք կեդրոնի հովանաւոր Էմիլ Մաղաքեան եղբ. Վարդան Բախշեանի մօր՝ Այտա Բախշեանի ուղեկցութեամբ կտրեց խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը՝ ազդարարելով պաշտօնական բացումը։
Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաճատ քահանայ Ինջիղուլեանի կողմէ կատարուեցաւ տնօրհնէքի կարգ։ Ապա, հիւրերը շրջեցան կեդրոնին մէջ՝ շնորհաւորութեան եւ բարեմաղթութեան իրենց խօսքերը ուղղելով ներկաներուն։
Յայտնենք, որ Մաղաքեան ընտանիքը յանձն առաւ ապագային եւս օժանդակել մասնաճիւղի գործունէութեան։
«Մաղաքեան» կեդրոնին դռները բաց են երիտասարդական այլ նախաձեռնութիւններու համար եւս։