Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԵՐԸ ԳՈՒՄԱՐՈՂ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Երեքշաբթի, 26 Հոկտեմբերի կէսօրին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Երեւանի մէջ իր լիագումար նիստերը կատարող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ յատուկ նիստով մը ներկայացուց հայ կեանքի ներկայ մարտահրաւէրները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերն ու առաքելութիւնը՝ այդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման մէջ։
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը ընդհանրապէս եւ Հայաստանի, Արցախի եւ նախկին Խ. Միութեան երկիրներուն մէջ յատկապէս։
Այս առիթով, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը կէսօրուան ճաշի հիւրը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։