ՊՌՕՇԵԱՆԻ ԶՕՐԱՑ ՊԱՆԹԷՈՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

 

Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, իր լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Պռօշեանի Զօրաց պանթէոն եւ յարգանքի իր տուրքը ընծայեց Արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուած եւ պանթէոնին մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտած նուիրեալներուն։

Այցելութեան սկիզբը կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատակ եղբ. Գէորգ Հաճեանի շիրիմին շուրջ բոլորուած, Պռօշեանի համայնքի այցելու հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Քհնյ. Ալեքսանեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց բոլոր նահատակներու յիշատակին եւ այս առիթով արտասանեց գօտեպնդիչ խօսք մը։

Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամներ, սկաուտներ եւ նահատակներու հարազատներ։ Ներկաները պանթէոնին հրաժեշտ տուին «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։

Տարածենք