«ԱՆՄԱՀ ԽԻԶԱԽՆԵՐԻ» ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ ԲԻՒՐԱԿԱՆԻ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ
Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12-ին, Բիւրականի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ «Անմահ խիզախների» յուշարձանի բացումը, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան շրջանի խումբ մը եղբայրներու բարերարութեամբ կառուցուած այս յուշարձանը նուիրուած է Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին եւ տեղադրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրի «Խիզախների պուրակ»ին մէջ։
Յուշաձանին բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, նոյն նիստերուն հրաւիրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի մասնաճիւղերու ատենապետներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, սկաուտներ եւ նահատակներու ծնողներ։
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ յուշարձանի օրհնութիւն՝ ձեռամբ Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վրթանէս Քհնյ. Պաղալեանի։