ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ՝ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՂԲ. ԱՐՏԱԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԻՆ

 

Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերին, իր լիագումար նիստերը Երեւան գումարող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի եւ վարչութեան անդամ քոյր Շուշան Մելիքեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Հրազդան եւ յարգանքի իր տուրքը ընծայեց ճիշդ տարի մը առաջ, 27 Հոկտեմբեր 2020-ին, Մարտունիի հերոսական կռիւներուն նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտ եղբ. Արտակ Մարտիրոսեանի շիրիմին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հրազդանի գերեզմանատուն հասնելով, ծաղկեպսակ մը զետեղեց եղբօր շիրիմին, իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց նահատակին հօր՝ Արայիկ Մարտիրոսեանին, ապա «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ հրաժեշտ տուաւ 19-ամեայ յաւերժի ճամբորդին։

Գերեզմանատան հրաժեշտ տալէ առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան ջրտուքը կատարեց շրջանի նահատակներու ծառուղիին վրայ եղբայր Արտակին անունով ցանուած ծառին։

Տարածենք