Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին հովանաւորութեամբ եւ մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երէցական փաղանգին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 4 Յունիս 2017-ին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի «Վիգէն Զաքարեան» երէցական փաղանգին հիմնադրութեան եւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 25-ամեակին առիթով յիշատակի օր մը, որ սկիզբ առաւ նախկին եւ ներկայ երէցներու սկաուտական հաւաքով` առաւօտեան ժամը 10-ին։ Յաջորդեց յիշատակի ձեռնարկ մը` երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի շրջափակին մէջ: Սկաուտական հաւաքին ընթացքին երէցները վերյիշեցին իրենց սկաուտական կեանքի անմոռանալի յիշատակները` փաղանգին կազմակերպած յատուկ յայտագիրով:
Երեկոյեան, ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Ա. միաւորի խմբապետ եղբ. Ռուբէն Պապէեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, անդրադարձաւ Վիգէն Զաքարեանի տիպարին եւ մանաւանդ օրինակելի սկաուտի կերպարին: Պապէեան ըսաւ. «Մենք այսօր ո՛չ միայն կը փառաբանենք ու կը յիշենք Վիգէն Զաքարեանը, այլեւ կ՛ապրինք ու կը գործենք անոր տեսլականով», ապա աւելցուց. «Եղբա՛յր Վիգէն, ինչպէս որ դուն ստացար ազգային եւ սկաուտական դաստիարակութիւնդ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին մէջ, այսօր բոլորիս գիտակցութեան մէջ, Վարդան Բախշեաններու կողքին, տիպար մարդու եւ ազգասէր սկաուտի օրինակ մը եւս դրոշմուած է Վիգէն Զաքարեան անուան տակ»:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան: Ան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները մէջբերեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան նպատակներուն առաջին կէտը, որ կը շեշտէ. «Պատրաստել ամուր նկարագիրի եւ բարոյական բարձր արժանիքներու տէր, հաւատաւոր եւ անձնուէր հայեր` ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին ու նուիրուելու հայ ժողովուրդի ձգտումներու իրագործման»: Ան ըսաւ, որ այս մէջբերումը ընթացիկ ու մակերեսային տող մը չէ եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ միութեան մը ամբողջ գաղափարախօսութիւնը, իտէալներն ու իղձերը: Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկին յիշեալ նախադասութիւնը յիշելը պատահական չէ, այլ կը մարմնաւորէ Վիգէն Զաքարեանի անձը, որուն անունը կը կրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 25-ամեայ փաղանգը: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը միայն կանչեր արձակող եւ տողանցող հաւաքականութիւն մը չէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը չի սահմանափակուիր խարուկահանդէսներու կամ ձեռային աշխատանքներու սահմաններուն մէջ: Հոն կը պատրաստուին տիպար քաղաքացիներ, պատասխանատու, հայրենասէր եւ կարգապահ հայեր»:
Նժդեհ Մկրտիչեանի խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` պատրաստուած մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր նահատակ Վիգէն Զաքարեանի սկաուտական կեանքը եւ փաղանգին կազմութեան եւ զարգացման յաջորդական փուլերը:
Օրուան պատգամը ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վաչէ Նաճարեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, որ «25 տարի առաջ Վիգէնին եւ իր ընկերներոուն զոհողութիւնը իր դրոշմը դրաւ հայոց պատմութեան վրայ, կազմաւորեց ներկայ Հայաստանի քաղաքական նկարագիրը եւ Շուշիի ազատագրումով անոնք վերականգնեցին հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը:
«Վիգէն, իրեն նախորդող գաղափարակիցներուն նման, գիտակցական մահը ընտրեց` ընդունելով իր կեանքը նուիրել հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքի ազատագրումին համար, համոզուելով, որ «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է», ըսաւ եղբ. Նաճարեան եւ աւելցուց. «Այսօր, Վիգէնի նահատակութեան 25-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին տարողութիւնը, իմաստը կը տարածուի սովորական սկաուտական արարողութիւններու սահմաններէն դուրս եւ առիթը կը շնորհէ մեզի, որ ո՛չ միայն բաւարարուինք յարգանքի մեր տուրքը մատուցելով, այլ նաեւ առիթը ունենանք վերարժեւորելու մեր միութենական ընթացքը, թէ որքանո՛վ տակաւին հաւատարիմ ենք ու տակաւին կը գործենք Վիգէնին առաջնորդած ուղիով»:
Եղբ. Նաճարեան յայտնեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութիւնը միայն մարզական չէ, սկաուտական չէ, այլեւ համապարփակ է, հայութեան ամբողջութիւնը, հայութեան իտէալները, հայութեան հետ կապուած բոլոր յոյսերը, հայութեան ամբողջ պայքարի լրիւ իմաստը. սփիւռքի մէջ բոլոր հայ պատանիները եւ երիտասարդները, որոնք ազգային յանձնառութիւններու տակ կը մտնեն, ձեզի նման Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ է, որ կը ստանան իրենց ազգային հիմնական դաստիարակութիւնը»:
Եղբայրը իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն ծնած եղբայր Վիգէն Զաքարեանին քոյրերը եւ եղբայրները այսօր ձեր ակումբին ընդմէջէն այդ նոյն շունչն է, որ տասնապատիկ անգամ պէտք է տարածէք: Այդ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ ձեզի տրուած դաստիարակութիւնը եւ այդ է Վիգէնին ձգած կտակը: Եթէ Վիգէնը հոս ըլլար այսօր, պիտի ըսէր` իբրեւ կտակ կը պատգամեմ, որ դուք ալ ինծի նման գործէք աննահանջ եւ անդուլ: Երբեք եւ երբեք չունենաք դեդեւում, տարակոյս, յուսահատութիւն եւ նահանջ: Ձեզի վստահուած ջահը` զարդարուած եռագոյն դրօշով, հպարտօրէն ցուցադրեցէ՛ք աշխարհին, որպէսզի իրականացուի մեր նահատակ հերոսներուն երազը, որպէսզի հասնինք Արարատի գագաթին` առաջնորդելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուխտեալ սերունդները»:
Օրուան պատգամէն ետք, եղբ. Նաճարեան բեմ հրաւիրեց նախկին եւ ներկայ երէցները` վերանորոգելու համար իրենց երէցական երդումը:
Ապա խօսք առաւ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, որ իր կարգին գնահատեց օրուան նախաձեռնութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի աշխատանքներուն:
Ձեռնարկին աւարտին ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան:
Յիշատակի օրը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: