ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ Ա. ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐԸ

 

Շաբաթ, 5 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական Ա. առցանց սեմինարը, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 26 շրջաններէն աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու, վարչականներու եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեամբ զբաղող մասնագէտներու։

 

Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով։ Ապա, յանձնախումբի անդամ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղար եւ քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Աւագեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը։

 

Եղբ. Վիգէն Աւագեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով պաշտօնական բացումը կատարեց սեմինարին եւ ընդգծեց, որ միութեան պատմութեան մէջ աննախընթաց այս սեմինարը կու գայ շեշտելու քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ այդ աշխատանքները համադրելու, հունաւորելու եւ աւելի մասնագիտական հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը։ Սեմինարը կը ջանայ առաջին անգամ ըլլալով ի մի բերել եւ արժեւորել միութեան քարոզչական աւանդական եւ արդի բոլոր միջոցները (տպագիր մամուլ, հրատարակութիւններ, ռատիոկայանի եւ պատկերասփիւռի հաղորդումներ, կայքէջեր, ընկերային ցանցեր եւ այլն) եւ ապահովել բոլորին ներդաշնակ ու համակարգուած գործունէութիւնը՝ միութենական յստակ սկզբունքներու հիմամբ։

 

Իր խօսքին մէջ եղբ. Աւագեան շեշտեց, որ քարոզչութիւնը ինքնանպատակ չէ, ան կը ծառայէ կատարուած աշխատանքներու լուսաբանման ճամբով անդամահաւաքի եւ ՀՄԸՄ-ի շարքերու խտացման։ «Լաւ անդամահաւաք կ’ենթադրէ լաւ քարոզչութիւն, իսկ լաւ քարոզչութիւնը կը պահանջէ լաւ քարոզչական միջոց, ճիշդ եւ սերտուած քարոզչական քաղաքականութիւն», ըսաւ ան։ Ապա, եղբայրը հաստատեց, որ մինչեւ մօտիկ անցեալը կը խօսէինք ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական ուժին մասին, սեմինարին ներկայութեան պատկերը իրաւունք կու տայ այսուհետեւ խօսելու նաեւ ՀՄԸՄ-ի քարոզչական ուժին մասին, որուն բաղադրիչներն են այստեղ ներկայ միութենականները»։

 

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքին յաջորդեց «ՀՄԸՄ-ի քարոզչական աշխարհը» ծանօթացնող տեսանիւթին ցուցադրութիւնը, որմէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան փաուըր-փոյնթով ներկայացուց միութեան քարոզչական աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը՝ նախապէս պատրաստուած հարցարաններու պատասխաններուն համադրումով եւ վերլուծումով։

 

ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջով ներկայացուած այս առաջին նիստին յաջորդեց սեմինարին աշխատանոցներու բաժինը, ուր մասնակիցները առիթը ունեցան խմբակային դրութեամբ ծանօթանալու մասնագիտական հետեւեալ երեք նիւթերէն մէկուն.-

- «Ազդու հաղորդակցութեան հմտութիւններ»- զեկուցաբեր՝ Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան։

- «Ազդու լրագրութեան հմտութիւններ»- զեկուցաբեր՝ քոյր Նորա Բարսեղեան։

- «ՀՄԸՄ-ը, լուսանկարչութիւնն ու վիտէօ նկարչութիւնը»- զեկուցաբեր՝ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։

 

Աշխատանոցներու աւարտին, մասնակիցները միացեալ նիստով մը լսեցին իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուցիչին զեկուցումը՝ փոխանցուած նիւթին գլխաւոր կէտերուն մասին, որմէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան ամփոփ գիծերով ներկաներուն պարզեց ՀՄԸՄ-ի քարոզչական գործունէութեան նորաստեղծ ուղեգիծին նախագիծը՝ առ ի ուսումնասիրութիւն եւ մինչեւ սեմինարի յաջորդ նիստ՝ քննութիւն։

 

Յայտնենք, որ սեմինարին երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 13 Նոյեմբերին, երեք նոր աշխատանոցներով եւ քննարկումներով։

Տարածենք