ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ Ա. ԱՌՑԱՆՑ ՍԵՄԻՆԱՐԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Շաբաթ, 13 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցան համա-ՀՄԸՄական քարոզչական Ա. առցանց սեմինարին երրորդ եւ չորրորդ նիստերը, որոնք շարունակութիւնը կազմեցին շաբաթ մը առաջ սկսած առաջին եւ երկրորդ նիստերուն։
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած այս սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 26 շրջաններէն աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներ, վարչականներ եւ տեղեկատուութեան արհեստագիտութեամբ զբաղող մասնագէտներ։
Երրորդ նիստը կատարուեցաւ սեմինարի բոլոր մասնակիցներու ներկայութեամբ եւ քննարկեց այժմէական նիւթ մը՝ «ՀՄԸՄ-ի աշխուժացումը ընկերային ցանցերու վրայ» նիւթը։ Մասնագիտական եւ վիճակագրական զեկուցումներով հանդէս եկան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Գէորգ Յակոբճեան եւ յանձնախումբի անդամ եւ Picsart միջազգային ընկերութեան ընկերային ցանցերու բովանդակութեան նիւթերու արտադրիչ քոյր Դալար Մազլումեան։
Ապա, չորրորդ նիստը յատկացուեցաւ առցանց աշխատանոցներու, ուր մասնակիցները առիթը ունեցան խմբակային դրութեամբ ծանօթանալու մասնագիտական հետեւեալ երեք նիւթերէն մէկուն.-
- «Փաստագրումի, արխիւի եւ թուայնացումի աշխատանքներ»- զեկուցաբեր Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաշխատող Միհրան Մինասեան։
- «Մարզիկ պաշտօնաթերթը. մարտահրաւէրներ եւ զարգացման կարելիութիւններ»- զեկուցաբեր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եղբ. Վիգէն Աւագեան
- «ՀՄԸՄ-ի կայքէջը»- զեկուցաբեր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան աշխատանքներու պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեան։
Աշխատանոցներու աւարտին, մասնակիցները միացեալ նիստով մը լսեցին իւրաքանչիւր խմբակի ներկայացուցիչին զեկուցումը՝ փոխանցուած նիւթին գլխաւոր կէտերուն մասին, որմէ ետք սեմինարին փակման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Ան նշեց, որ սեմինարը դարձակէտ մը նշեց միութեան պատմութեան մէջ՝ ցարդ կատարուող քարոզչական աշխատանքները դնելով աւելի ամուր, մասնագիտական եւ նորարար հիմերու վրայ։ Այսօր քարոզչական աշխատանքներու ժամանակաշրջանն է,- շեշտեց եղբ. Նաճարեան,- յատկապէս քորոնայի պարտադրած առցանց գործունէութեան պայմաններուն մէջ։ ՀՄԸՄ ժամանակին հետ քայլ պահող միութիւն է եւ գիտէ իր կարողականութիւնները ճիշդ ձեւով ճիշդ տեղին օգտագործել։ Համակարգուած եւ նպատակաուղղուած աշխատանքը ազդու քարոզչութեան հիմնական գրաւականներն են, հաստատեց ան, իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնելով սեմինարին մասնակից շրջաններու ներկայացուցիչներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, զեկուցաբերներուն եւ հրաւիրեալ մասնագէտներուն։
Երկու շաբթուան վրայ երկարած չորս նիստերէ եւ եօթը ժամուան քննարկումներէ ետք, սեմինարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց՝ որդեգրելով միութեան քարոզչական մարզի գործունէութեան ուղեգիծին նախագիծը։