ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ
29 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամով), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան մարզական յանձնախումբը կը հրապարակէ անցնող երկու ամիսներուն կազմակերպուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առցանց մարզախաղերուն արդիւնքները։ Հրապարակումը կը կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններու մարզական պատասխանատուներու հետ առցանց հանդիպումով մը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հայ մարզական իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուող առցանց այս մարզախաղերը ընդգրկեցին չորս մարզաձեւ.- ֆութպոլ, պասքեթպոլ, աթլէթ եւ լող։ Մրցումներուն մասնակցեցան 95 մարզիկ-մարզիկուհիներ 10 շրջաններէ՝ Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան, Գանատա, Ֆրանսա, Հարաւային Ամերիկա, Քուէյթ, Միւնիխ, Վեսթերոս եւ Սոտերթելիա։
Առցանց մարզախաղերուն համար նկատի առնուեցան տարիքային հինգ խմբաւորումներ.- 18 տարեկանէն վեր, 20 տարեկանէն վար, 18 տարեկանէն վար, 16 տարեկանէն վար եւ 14 տարեկանէն վար։
ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ
Իւրաքանչիւր շրջանի մէջ մարզախաղերը կազմակերպուեցան ֆիզիքական ձեւով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային կամ Մեկուսի վարչութիւններուն կողմէ, նկատի ունենալով առցանց մարզախաղերուն համար մշակուած յատուկ օրէնքները եւ յարգելով քորոնայի առողջապահական տեղական արգելափակումները։
Մասնակցութեան արդիւնքները տեսերիզի միջոցով իւրաքանչիւր շրջանի մարզական ներկայացուցիչին կողմէ առցանց փոխանցուեցան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին։ Շրջանները ներկայացուցին իւրաքանչիւր դասակարգի եւ մարզաձեւի իրենց երեք լաւագոյն արդիւնքները:
Իւրաքանչիւր մարզաձեւի համար ճշդուեցան ժամանակի յատուկ օրէնքներ։
ԼՈՂԻ մարզաձեւի պարագային նկատի առնուեցան 50 եւ 100 մեթր ազատ լողի մրցումներ։ ԱԹԼԷԹԸ ընդգրկեց 100, 200, 300, 400, 800,1500 եւ 3000 մեթր վազքի մրցումներ, մէկ քայլ ոստում եւ գունդ նետել։ ՖՈՒԹՊՈԼԸ ունեցաւ հինգ ձեւի մրցում (երկար հեռաւորութենէ հարուած դէպի բերդ, արուեստական արգելքներ շրջանցելով հարուած դէպի բերդ, բերդի սիւներու հարուած եւ այլն), նոյնպէս՝ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼը (3 կէտի նշանակում, կիսաշրջանակի զանազան դիրքերէ նշանակում, Dunk հարուած, երեք խաղացողով գնդակը իրարու փոխանցելով դէպի կողով յառաջացում եւ նշանակում եւ այլն)։