ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԲԱԽՈՂ ՍԻՐՏԸ

 

Կիրակի, 2 Յուլիս 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Նաւասարդեան 42-րդ խաղերու փակման հանդիսութիւնը անգամ մը եւս վերածուեցաւ ամերիկահայութեան համար իսկական տօնախմբութեան մը՝ Սան Ֆեռնանտօ հովիտի (Լոս Անճելըս) Պիրմինկհամ վարժարանի շրջափակին մէջ: Արդարեւ, հազարաւոր մարզիկներ, սկաուտներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան թէ՛ կայացող մարզախաղերուն, թէ՛ տողանցքին եւ թէ անոր յաջորդած փակման փառատօն-տօնախմբութեան՝ մինչեւ կէս գիշեր:

Չորս օր անընդհատ, Շրջանային Վարչութեան թէ մասնաճիւղերու հարիւրաւոր կամաւորներ գործի լծուած էին կանոնաւորելու մարզասրահներու մուտքերը, կանգառները, ճաշ եւ ըմպելիքներ սպասարկող կրպակները, մարզախաղերու ամբողջ ընթացքը եւ երաժշտական յայտագիրները: Մէկ խօսքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւորներու բանակը» իւրայատուկ մեղուանոցի վերածած էր Պիրմինկհամ վարժարանի ամբողջ տարածքը: Ոչ միայն այդ, այլեւ այդ չորս օրերուն ընթացքին, Նաւասարդեանը, նախորդ տարիներուն նման, վերածուած էր հայկական շունչ, ոգի ու մթնոլորտ ճառագայթող վայրի մը:

Այս բոլորին գագաթնակէտը հանդիսացաւ փակման տողանցք-հանդիսութիւնը ու անոր յաջորդած փառատօնը:

 

ՏՈՂԱՆՑՔԷՆ ԱՌԱՋ

2 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 5-ին բացուեցան վարժարանին գլխաւոր մարզադաշտին դռները եւ սկսաւ ժողովրդային հոսքը մարզասրահներէն ու փառատօնի հրապարակէն դէպի հոն: Քիչ անց, ներկաներուն հրամցուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջով ելոյթ ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ջաւախք» մասնաճիւղի սկաուտական մանկապատանեկան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Շաքէ Ազիզեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Րաֆֆի Նազարեանի:

Ապա, երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Վարանդ Աւաննէսեան ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երգերու շարքով մը, որմէ ետք Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Արենի» մանկապատանեկան պարախումբը (ղեկավարութեամբ Սարօ Ասատուրեանի եւ Անահիտ Թաքլանեանի) ներկաներուն հրամցուց հայկական պարերու շարք մը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, օրուան հանդիսավարներ Սիւզի Օհանեան (հայերէն) եւ Արմանտ Քիլիճեան (անգլերէն) յայտարարեցին պաշտօնական պատուիրակութեան մարզադաշտ մուտքը՝ Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, 42-րդ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան, Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան եւ տիկինը Անին, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան, ընկերակցութեամբ շրջանի մասնաճիւղերու խմբապետներուն:

Օրուան պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Հայաստանի հիւպատոս Վալերի Մկրտումեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Դաւթեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լիոնի Սարմազեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան, Ազգային Վարչութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, նախորդ Նաւասարդեաններու պատուոյ նախագահներ եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:

Օրուան հանդիսավարները, նախորդ տարուան ընթացքին մեզմէ յաւէտ բաժնուած վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն առ ի յարգանք՝ բազմութիւնը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեցին, ապա Շրջանային սկաուտ խմբապետուհի քոյր Շարլին Կիւզելեանս պաշտօնապէս տողանցքը սկսելու արտօնութիւն խնդրեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետէն:

Դաշտ մուտք գործեց շրջանիս մօտաւորապէս 50 հոգինոց շեփորախումբը (ղեկավարութեամբ Օսկան եւ Ռազմիկ Արիսեաններուն), որուն յաջորդեց դրօշակի արարողութիւն: Յատուկ պատրաստուած բեմին վրայ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որուն ընթացքին սկաուտական պատիւներով բարձրացան Մ. Նահանգներու, Հայաստանի, Արցախի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Նաւասարդեանի դրօշները:

Շեփորախումբը նուագեց Մ. Նահանգներու, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները, որմէ ետք եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան հայերէնով եւ անգլերէնով խօսք առնելով նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա պատիւ ու յարգանք մատուցեց բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք «ժրաջան կ՛աշխատին մեր երիտասարդութեան հրամցնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ականի վայել մաքուր մթնոլորտ, միշտ ի մտի ունենալով մեր նշանաբանը՝ «Բարձրացիր-բարձրացուր»ը: Ապա, ան յիշեցուց, թէ անցեալ տարի այս ամպիոնէն յայտարարուած էր հիմնադրութիւնը Սաքրամենթոյի «Լոռի» մասնաճիւղին, իսկ այս տարի կը յայտարարենք կազմութիւնը Սանթա Քլարիթայի «Կիլիկիա» միաւորին, որ այսօր պիտի մասնակցի տողանցքին: Առաւել, շարունակեց ան, Շրջանային Վարչութիւնը Նորթ Հոլիվուտի «Ջաւախք» մասնաճիւղի յարկին տակ համախմբած է Իրաքի Պաղտատ եւ Քերքուք քաղաքներէն նոր հասած հայորդիներ, որոնք եւս կը մասնակցին այսօրուան տողանցքին: «100 տարի առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը հիմնուած էր ճիշդ այս պատճառով, որպէսզի համախմբէ Եղեռնէն ճողոպրած որբերը… աշխարհի բոլոր անկիւնները, ուր որ հայութիւն կայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը համախմբէ մեր երիտասարդութիւնը՝ մարզական խաղերու, սկաուտութեան եւ երիտասարդական գործունէութեամբ», ըսաւ ան:

Ապա, ան հպարտութեամբ ներկաներուն ծանօթացուց 42-րդ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահը եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականը՝ յաջորդաբար Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան եւ տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան, տալով անոնց Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ամփոփ կենսագրութիւնները ու ընդգծելով անոնց զոհողութեան ոգին: Ան եզրափակեց ըսելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը «Բարձրացիր-բարձրացուր» նշանաբանին ոգիով պիտի շարունակէ գործել նաեւ հետագայ տասնամեակներուն:

Ապա, հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին եղբ. Վիգէն Դաւթեանը, որ դարձեալ հայերէնով ու անգլերէնով խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան մասին: Ան ըսաւ. «Անգամ մը եւս կը նորոգենք մեր ուխտը երիտասարդութեան նկատմամբ ու կը տօնախմբենք կամաւոր աշխատանքի ոգին, մարզական առողջ մրցակցութիւնը, մարզական ոգին, ընտանեկան արժէքները եւ համայնքին նկատմամբ ծառայելու ոգին», ապա Կեդրոնական Վարչութեան անունով ան շնորհաւորեց Շրջանային Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր ծնողները, համակիրներն ու զօրակցողները: Ան դիտել տուաւ, որ պատուոյ նախագահը եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրները հանդիսացած են իր տարիներու գործակիցները շրջանին մէջ. «Երկար տարիների այս վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները ապացոյցն են մեր կազմակերպութեան վսեմ ոգիին եւ առաջնակարգ մտաւորական ու կամաւոր ուժին», դիտել տուաւ ան:

Ան աւելցուց, որ այս շրջանը քայլ առ քայլ կ՛իրագործէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընդհանուր ռազմավարական ծրագիրները, ինչպէս՝ նոր միաւորներու կամ մասնաճիւղերու հիմնում, կամ սկսելով երիտասարդական շարժում: Դիտել տալով, որ այժմ կը գտնուինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդ դարու կեանքի սեմին, ան կոչ ուղղեց բոլորին՝ ըսելով. «Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզ 2018-ի Յուլիսի 19-28 հայրենիքում, ուր մեծ շուքով եւ հպարտութեամբ պիտի տօնենք մեր 100-ամեակը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումով, գիտաժողովով եւ հրապարակային շքեղ ձռնարկներով, ապացուցելու, որ 1918-ին Պոլսում վառուած այս ջահը դեռեւս բոցավառւում է 100 տարի յետոյ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը ծածանւում է  աշխարհի 4 անկիւններում»:

Եղբ. Դաւթեան ըսաւ նաեւ, որ մեր աշխարհատարած 26 հազար անդամներն ու 108 մասնաճիւղերը գրեթէ ամէնօրեայ կշռոյթով դժուարին մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, սակայն երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները քով-քովի կու գան, օրինակելի նուիրումով կը յայթահարեն այս բոլորը: Մենք,- շարունակեց ան,- հսկայական գումարներ չենք ծախսեր ինքնագովութեան համար, «մենք համանյքին վրայ հիմնուած ու նոյն այդ համայնքին ծառայող կազմակերպութիւնն ենք. մենք համեստ միջոցներով նուիրահաւաք կը կատարենք՝ մեր իսկ անդամներու ճիգերով», շարունակեց ան ու եզրափակեց. «Եկէք աշխուժօրէն առաջ մղենք մեր առաքելութիւնը եւ ծրագիրները, մեր հարեւաններուն պատմենք, թէ ինչ կ՛ընենք ամբողջ տարուան եւ ոչ թէ միայն Նաւասարդեանի ընթացքին, բազմացնենք մեր շարքերը, ծառայենք աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու, դաստիարակենք աւելի՛ ուշիմ, աւելի ազնիւ եւ աւելի առողջ սերունդներ, բայց մանաւանդ՝ պատրաստենք աւելի՛ երիտասարդ ղեկավարներ ոչ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի, այլ մեր ժողովուրդին համար: Այնպէս որ, հպարտ, շա՛տ հպարտ եղէք Հ.Մ.Ը.Մ.ով»:

Պաշտօնական բաժինի վերջին խօսք առնողը եղաւ Առաջնորդ Սրբազանը, որ նշեց. «Անցեալ շաբաթավերջին մենք մասնակից եղանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յաղթանակի պարահանդէսին, իսկ այսօր վկան ենք յաղթականներու տողանցքին… Մեր առջեւ պիտի տողանցեն, ինչպէս ամէ՛ն տարի կը տողանցեն՝ միայն յաղթական մարզիկները… Մեզի համար Նաւասարդեան մարզախաղերուն իւրաքանչիւր մասնակից յաղթակա՛ն է եւ յաղթականի՛ հպարտութեամբ կը տողանցէ այսօր, որովհետեւ ինչպէս ողիմպիական խաղերը, այնպէս ալ հայկական Նաւասարդեանները բոլորին՝ մասնակցող մարզիկներուն թէ  հանդիսականներուն կը պատգամեն ազնիւ մրցակցութիւն, կը պատգամեն տոգորուիլ ազգային արժէքներով, հարստանալ եւ աճիլ հոգիով ու մարմնով, դառնալ հաւատարիմ ժառանգորդները մեր պապերուն, որոնք դարեր առաջ, մայր հայրենիքի հողին վրայ բարձրացուցած էին Նաւասարդեան խաղերու դրօշը: Եւ այդ դրօշը իբրեւ նուիրական աւանդ, դարերու խորքէն հասած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որուն աննահանջ դրօշարշաւն է, որ կը մարմնաւորեն Նաւասարդեան խաղերը»:

Սրբազանը ապա հպարտութեամբ ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութիւնները, անոնց հովանիին տակ գործող բոլոր վարչութիւններն ու նուիրեալ կամաւոր ծառայողները: Ան ողջունեց պատուոյ նախագահը եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականը, որոնք իրենց մանկութենէն ի վեր կը ծառայեն Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու այդ ճամբով՝ մեր ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան: «Անոնք ազնիւ եւ օրինակելի տիպարներ են բոլորին համար, այնպէս՝ ինչպէս մարզական այս մեծ միութիւնը աճեցուցած եւ դաստիարակած է զիրենք: Օրհնեալ ըլլաք եւ ձեր վարձքը կատար», շարունակեց Առաջնորդը:

Ապա, ան անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին, 2018 թուականին եւ դիտել տուաւ, որ պատահականութեան հետեւանք չէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծնունդը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի՝ Եղեռնէն միայն 3 տարի վերջ հիմնուած ըլլալու հանգամանքը փաստն էր մեր ժողովուրդի վերապրելու եւ վերածաղկելու հաւատքին ու կամքին: «Ահա թէ ինչո՛ւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգը կը սկսի «Յառաջ, նահատակ ցեղի անմահներ» բառերով, որոնք իրենց մէջ կը խտացնեն հսկայական խորհուրդ մը եւ անժամանցելի պատգամ մը, որ վստահաբար մեզի կը հասնի Հայկ Նահապետէն, Վարդան ու Վահան Մամիկոնեաններէն… հասնելու համար 1918-ի Հայաստանի անկախ հանրապետութեան», ըսաւ Սրբազանը:

Սրբազանը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2017 տարին հռչակած է վերանորոգումի տարի եւ Վեհափառը մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգելու մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքերը, «նոր մղում տալու մասնաւորաբար նոր սերունդներու հայակերտումի նուիրական գործին»: Վեհափառին պատգամը,- շարունակեց առաջնորդ սրբազանը,- անժամանցելի է եւ ատիկա հրաւէր է բոլորիս, որպէսզի քայլ պահենք օրուան հետ, տեւաբար վերանորոգենք մեր կառոյցները՝ ապագայի տեսլականով, «որպէսզի այսօրուան պատանին դառնայ հայկական արժէքներուն հաւատարիմ ժառանգորդ երիտասարդը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին պէս այդ աւանդները փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն… մինչեւ որ հայկական եռագոյնը ծածանի Արարատի գագաթին»:

 

ՏՈՂԱՆՑՔԸ

Շրջանային խմբապետուհի քոյր Շարլին Կիւզէլեանսի հրահանգով տողանցքը սկսաւ, առաջնորդութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, որուն «Դարձեալ փայլեց» երգի կշռոյթներուն ընկերակցութեամբ, առաջին անգամ դաշտ մտաւ մարզիկներու այն խումբը, որ յառաջիկայ ամիս պիտի մասնակցի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն, Հայաստանի մէջ: Անոնք այս խաղերուն պիտի մասնակցին 14 խումբերով՝ ընդհանուր 200 մարզիկներով։ Յաջորդեցին նորաստեղծ երիտասարդական բաժանմունքի անդամները, Սանթա Քլարիթայի՝ քանի մը ամիս առաջ հիմնուած «Կիլիկիա» միաւորի մարզիկներն ու սկաուտները, որոնց ետեւէն՝ Սաքրամենթոյի երկու տարեկան «Լոռի» մասնաճիւղին մարզիկները:

Օրուան հանդիսավարներ Սիւզի Օհանեանի եւ Արմանտ Քիլիճեանի ազգայնաշունչ ու ոգեւորիչ խօսքերով հետզհետէ դաշտ մուտք գործեցին բոլոր՝ 19 մասնաճիւղերու մարզիկները, սկաուտական եւ վարչական կազմերը: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի մարզիկներու եւ սկաուտներու դաշտ մուտքին, հանդիսավարները կը ներկայացնէին տուեալ մասնաճիւղի հիմնադրութեան թուականը, մարզիկներու, սկաուտներու եւ անդամներու թիւը:

Այս բոլորին մէջ ոգեւորիչ էր տեսնել կակուղ թաթիկները, շատ յաճախ իրենց պատասխանատուներուն ձեռքը բռնած, կամ անոնց ուսերուն, իրենց տարազներով: Շատ մը մարզիկներ կը տողանցէին իրենց շահած մետալներով ու բաժակներով: Ոգեւորիչ եւ յուզիչ էր յատկապէս «Ջաւախք» մասնաճիւղի այն պարմանի արենոյշը, որ իր ֆիզիքական անկարողութեան բերումով անուասայլակով կը մասնակցէր տողանցքին, դէմքին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ակնյայտ հրճուանքն ու պատիւը:

Բոլոր մասնաճիւղերու սկաուտները, տողանցելով շեփորախումբի յեղափոխական երգերու կշռոյթով, իրենց յատուկ բարեւներով ողջունեցին պատուոյ հիւրերը, իսկ Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ», Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Սանթա Քլարայի «Անի» մասնաճիւղերու սկաուտները նաեւ ծաղկեփունջերով պատուեցին իրենց մասնաճիւղերու անդամ՝ Վիգէն Աբէլեանը եւ տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը:

Երբ «Արարատ» մասնաճիւղի մարզիկներն ու սկաուտները մտան դաշտ, հանդիսավարները յայտարարեցին, թէ նոյն մասնաճիւղի մարզիկներէն Ճորճ Աւագեան հրաւիրուած է մաս կազմելու Մ. Նահանգներու ուոթըր-փոլոյի ազգային խումբին, ինչ որ արժանացաւ ժողովուրդի ծափողջոյններուն:

Մասնաճիւղի հիմնադրութեան քառասնամեակը խորհրդանշող փուչիկներու փունջով մարզադաշտ մտաւ Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի սկաուտներու, մարզիկներու, վարչականներու ու կամաւորներու մեծաթիւ խումբը: Երբ մօտեցան պատուոյ հիւրերու շարքին, հոն, մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն եղբ. Գալուստ Շխրտըմեան իր ձեռքի բոցավառող ջահը փոխանցեց նոյն մասնաճիւղին մաս կազմող Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր թոռներուն, իբրեւ խորհրդանիշը սերնդափոխութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործի շարունակականութեան: Խանդավառութիւնը վարակիչ էր բոլորին համար:

Հանդիսավարները նաեւ յայտարարեցին, թէ յառաջիկայ տարի յիսնամեակն է Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, աւելցնելով, որ 2018-ի Նաւասարդեան 43-րդ մարզախաղերը պիտի նուիրուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակին:

Մասնաճիւղերու տողանցքէն ետք, Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան, Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան, տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան եւ Շրջանային Վարչութեան մարզական պատասխանատու եղբ. Արամ Թոմաս յաղթական խումբերուն բաժակները յանձնեցին յաղթական խումբերու մարզական պատասխանատուներուն, որմէ ետք, 42-րդ Նաւասարդեանի դրօշը սկաուտական պատիւներով յանձնուեցաւ պատուոյ նախագահին:

Աւարտին, յեղափոխական երգերու մեկնաբան Քրիստափոր Արապեան փունջ մը երգերով խանդավառեց ներկաները եւ ձեռնարկը իր լրումին հասաւ նոյնքան տպաւորիչ հրավառութեամբ:

Բազմահազար ժողովուրդը ապա ուղղուեցաւ դէպի փառատօնի հրապարակը, ուր երեկոն շարունակուեցաւ երգիչներ Սահակ Սիսլեանի, Վարդան Թահմազեանի, Մեր Հովոյի, Անթուան Պէզճեանի եւ Տիգրան Ասատրեանի ստեղծած խանդավառ մթնոլորտին մէջ՝ մինչեւ կէս գիշեր:

42-րդ Նաւասարդեանը հասած էր իր պատուաբեր աւարտին: Թէեւ յոգնած ու երբեմն բառացիօրէն ֆիզիքապէս սպառած էին բոլոր կամաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, բայց եւ այնպէս, առաւօտեան այդ կանուխ ժամերուն, այլեւս մտերմիկ միջավայրի մէջ, բոլորին ալ խօսակցութեան նիւթը… յառաջիկայ տարուան աշխատանքներն էին: Շուտով կը սկսին թէ՛ 43-րդ Նաւասարդեանին եւ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակի ծրագիրներու նախապատրաստութիւնները:

Յառաջիկայ տարի 100-ամեակ է:

Տարածենք